Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Վերջին Հրեան Լքած Է Երկիրը

September 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աֆղանիստանի վերջին հրեան` 62 տարեկան Զեպուլոն Սիմանթովը փախուստ տուած է Թալեպան շարժումի գրաւած երկրէն. հեռացման գործողութիւնը կազմակերպած են սեփական բարեգործական կազմակերպութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Աֆղանիստանի մէջ յայտնի գործիչին ուղեկցած են սեփական պահակութեան ընկերութեան ներկայացուցիչները, որոնց վարձած է ամերիկաբնակ հրեայ Մոշէ Մարկարեթենը: Վերջինս կը զբաղի վտանգաւոր կացութիւններու մէջ յայտնուած հրեաներու փրկութեամբ:

Ըստ տեղեկութիւններու, Սիմանթովին նախապէս ալ առաջարկած են լքել Աֆղանիստանը` Քապուլէն ամերիկացի զինուորները հեռացնելու ընթացքին: Սակայն ան չէ օգտուած առաջարկէն. վախցած է բախիլ Իսրայէլի արդարադատութեան պահանջներուն: Տարիներ շարունակ ան մերժած է կրօնական ապահարզան տալ իր կնոջ, իսկ Իսրայէլի դատական համակարգը պատիժ կը նախատեսէ նման մերժումին համար: Այժմ Սիմանթով ուղղուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր մտադիր է վերամիաւորուիլ իր ընտանիքին հետ:

Նախապէս թալեպաններու ներկայացուցիչները պաշտօնապէս յայտարարած էին, որ Աֆղանիստանի տարածքին մէջ Սիմանթովին ոչինչ կը սպառնայ: Սակայն ետքը մտավախութիւններ յառաջացած են բազմաթիւ ծայրայեղական խմբաւորումներու պատճառով, որոնք այժմ կը գործեն երկրի տարածքին մէջ:

Սիմանթովի հեռացման գործողութեան ընթացքին Աֆղանիստանէն դուրս բերուած են նաեւ շուրջ 30 կին ու երեխայ, ներառեալ` ֆութպոլի կիներու ազգային խումբի անդամները:

 

Նախորդը

Կանց Իրանին Ուղղուած Սպառնական Պատգամով. «Ժամանակն Է Գործելու»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Աֆղանիստանը Այլեւս Սպառնալիք Չէ, Վտանգը Կու Գայ Եմէնէն, Սոմալիէն, Սուրիայէն Եւ Իրաքէն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.