Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ, երեսփոխան Պինալի Եըլտըրըմ Պաքուի 8-րդ համաշխարհային խորհրդաժողովի` «Աշխարհը «Քորոնա»-էն ետք» հաւաքի ծիրին մէջ յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տարուին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ»-ը:
«Եըլտըրըմի համաձայն, միջանցքի բացումը պիտի նպաստէ շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ կապերու ընդլայնման` անկախ անկէ, թէ Իրանը ի՛նչ դիրքորոշում ունի», կ՛աւելցնէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Իրանը պատմական պետութիւն է, մենք Իրանի հետ ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ, եւ այդպէս պիտի շարունակուի, եւ մենք կը կարծենք, որ այդ հարթակը պիտի ընդլայնուի Կովկասի երկիրներուն հետ միասին, ներառեալ նաեւ մերձկասպեան շրջանի պետութիւնները», ըսած է Եըլտըրըմ: