Թուրքիոյ ազգայնական երիտասարդական միութիւնը յայտարարած է, որ իր անդամները Պոլսոյ Սարայպուրնու շրջանին մէջ պարկեր անցուցած են ամերիկացի զինուորներու գլխուն:
«Տուվարինկլիշ» կայքը կը գրէ, որ կ՛ենթադրուի, որ այդ զինուորները Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Մաունթ Ուիթնի» մարտանաւի անձնակազմէն են: Ներկայիս մարտանաւը կը գտնուի Սարայպուրնու շրջանի նաւահանգիստին մէջ: Պոլսոյ մէջ երեք օր մնալէ ետք մարտանաւը պիտի ուղղուի Սեւ ծով` ռազմափորձերու համար:
«Մենք պարկեր հագցուցած ենք Սարայպուրնուի մէջ ամերիկացի զինուորներու գլխուն», կը նշուի Թուրքիոյ ազգայնական երիտասարդներու միութեան «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշեալ միութիւնը այս գործողութեան կը ձեռնարկէ իբրեւ բողոք 2003 թուականի յուլիսի միջադէպին դէմ, որուն ժամանակ Հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող թրքական մասնայատուկ ուժերու խումբը ձերբակալուած էր ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Վերջիններս թուրք զինուորներու գլուխներուն կտոր անցուցած եւ տարած էին հարցաքննութեան: