Անգլիոյ Սոլսպըրի քաղաքին մէջ գնացքի արկած տեղի ունեցած է. երկու գնացքներ փապուղիի մէջ իրարու բախած են, այդ պատճառով ալ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան տուեալներով` մեծ արկածին պատճառով կան վիրաւորներ, սակայն մահուան պարագաներ չեն արձանագրուած:
Վիրաւորները, ներառեալ վարորդը, փոխադրուած են հիւանդանոց:
Արտակարգ ծառայութիւններու օգնութեամբ շուրջ 100 մարդ հեռացուած է դէպքի վայրէն: