ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը փոխուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի կառավարութեան կայքը:
Սթեֆան Վիսքոնթիի փոխարէն նշանակուած է Պրիս Ռոքֆէօյը:
Ռոքֆէօյ մինչեւ իր նշանակումը վարած է Ֆրանսայի դեսպանի պաշտօնը Փանամայի եւ Ուզպեքիստանի մէջ, եղած է Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ: 2000-ականներուն ան քաղաքական խորհրդական էր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն մէջ:
Յայտնենք, որ Ռուսիան եւս այս տարի յուլիսին փոխած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ իր համանախագահը. Իկոր Փոփովի փոխարէն այս պաշտօնը վարած է Իկոր Խովայեւ: