Միջազգային

«Ուաշինկթընի Հետ «Էֆ-35»-ի Շուրջ  Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Քանի Մը  Ամիսներուն Պիտի Շարունակուին»  Կ՛ըսէ Թուրք Պաշտօնատար Մը

«Ուաշինկթընի Հետ «Էֆ-35»-ի Շուրջ Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Քանի Մը Ամիսներուն Պիտի Շարունակուին» Կ՛ըսէ Թուրք Պաշտօնատար Մը

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու խորհրդատու Փընար Քարա յայտնեց. «Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնները աշխատանք կը տանին վերջ տալու «Էֆ-35» հալածիչներու թղթածրարին շուրջ ընթացող տարակարծութեան»: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Անցեալ շաբաթ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեցինք ամերիկեան պատուիրակութիւն մը` քննարկելու համար այս հարցը, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ բանակցութիւնները շարունակելու: Կը նախատեսուի, որ երկրորդ ժողովը յառաջիկայ քանի...

Իրանեան Բանակը Ձախողութեան Մատնած Է Պապ Մանտեպի Նեղուցին Մօտ Իրանեան Քարիւղատար  Նաւու Մը Վրայ Ծովահէններու Յարձակումը

Իրանեան Բանակը Ձախողութեան Մատնած Է Պապ Մանտեպի Նեղուցին Մօտ Իրանեան Քարիւղատար Նաւու Մը Վրայ Ծովահէններու Յարձակումը

Իրանեան բանակի հասարակութեան հետ կապի գրասենեակը յայտարարեց, որ իրանեան ծովուժէն ուժեր ձախողութեան մատնած են Պապ Մանտեպ նեղուցին մօտ իրանեան քարիւղատար նաւու մը վրայ ծովահէններու յարձակումը: «Կային կասկածելի չորս նաւակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւր քարիւղատար նաւուն վրայ յարձակում գործել եւ մօտենալ ծրագրող 4-էն 6 զինեալներ կը փոխադրէր», նշեց իրանեան բանակը: «Շրջանին մէջ հաստատուած հսկողութեան խումբերը անմիջապէս գործի լծուեցան եւ զգուշացման կրակոց արձակեցին, ինչ...

«Իրանի Թշնամական Արարքներուն,  Ներառեալ Անօդաչու Թռչող Սարքերով  Յարձակումները, Պիտի Հակադարձենք»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Իրանի Թշնամական Արարքներուն, Ներառեալ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակումները, Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հռոմի մէջ Քսաններու խմբակի ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի հակադարձեն Թեհրանի թշնամական արարքներուն, ներառեալ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումները»: «Նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալը սխալ էր, եւ տակաւին այդ սխալին հետեւանքները կը կրենք», յայտնեց ան: Պայտըն նշեց, որ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անկելա Մերքելի...

Խօսելով Իրանի Արտաքին Դիւանագիտութեան  Մանրամասնութիւններուն Մասին`  «Չկայ Արեւելք, Չկայ Արեւմուտք»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Խօսելով Իրանի Արտաքին Դիւանագիտութեան Մանրամասնութիւններուն Մասին` «Չկայ Արեւելք, Չկայ Արեւմուտք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ Իրանի դիւանագիտական կառոյցը երկրի եւ Իրանի ժողովուրդի ճակատագիրը պիտի չկապէ 2015 թուականի հիւլէական համաձայնագիրի կամ որեւէ օտար պետութեան հետ, որովհետեւ փոխադարձ գործակցութեան չափանիշ կը նկատուին հասարակաց շահերը: Այս մասին կը գրէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտարարած է, որ Թեհրան ստեղծած է վեհ մեքանիզմ` հետամուտ ըլլալու շրջանային համագործակցութեան կարգախօսի...

«Ես Գիտեմ, Որ Աւստրալիոյ Վարչապետը  Սուզանաւերու Հարցին Մէջ Ստեց»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ես Գիտեմ, Որ Աւստրալիոյ Վարչապետը Սուզանաւերու Հարցին Մէջ Ստեց» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ ինք գիտէ, թէ Աւստրալիոյ վարչապետ Սքաթ Մորիսըն Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ միջեւ գաղտնի բանակցութիւններուն հարցով ստած է: Նշեալ երեք երկիրներուն միջեւ գոյացած պաշտպանական մարզի համաձայնութիւնը ականահարած էր Քանպերային ֆրանսական սուզանաւեր ծախելու գործարքը: Փարիզ իր զայրոյթը արտայայտեց Աւստրալիոյ 55 միլիառ եւրօ արժողութեամբ ֆրանսական 12 աւանդական սուզանաւեր գնելու համաձայնութիւնը առանց նախապէս զգուշացնելու չեղեալ նկատելու որոշումին...

«Իրանը Իր Ազգային Անվտանգութեան Առնչուող  Հարցերուն Մէջ Ոեւէ Մէկուն Զիջում Պիտի Չկատարէ»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Իրանը Իր Ազգային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցերուն Մէջ Ոեւէ Մէկուն Զիջում Պիտի Չկատարէ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանած է շարք մը հարցումներու` շեշտելով, որ Իրան իր ազգային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ ոեւէ մէկու զիջում պիտի չկատարէ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին խօսելով աւելցուցած է. «Սիոնական վարչակարգը լաւատեղեակ է Իրանի կարելիութիւններէն»: Անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ իրանեան հիւլէական կառոյցներու դէմ զինուորական գործողութիւններուն յատկացուող 1,5 միլիառ տոլարին`...

Էրտողան Մտադրած Է  Իւրացնել Սեւ Ծովուն Կէսը

Էրտողան Մտադրած Է Իւրացնել Սեւ Ծովուն Կէսը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է իւրացնել Սեւ ծովուն կէսը` «Երկնագոյն հայրենիք» հայեցակարգի ծիրին մէջ ուժեղացնելով անոր աւազանին վրայ ազդեցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին: Թրքական օրաթերթին տուեալներով` Անգարան կը պատրաստուի հետեւելու Սեւ ծովու յունական ափերէն մինչեւ արեւելեան ափերու կացութեան: Այդ նպատակին համար Թուրքիան պիտի կառուցէ ելեկտրոնային ռազմակայաններ, որոնք պիտի արտօնեն հետեւիլ...

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Էրտողանը  Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ  Դիւանագիտական Ջանքերը»

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Դիւանագիտական Ջանքերը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քսաններու վեհաժողովի ծիրին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տան կայքը` ներկայացնելով հանդիպումին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ: Նախագահ Պայտըն ընդգծած է կառուցողական յարաբերութիւններ պահպանելու, համագործակցութեան ոլորտները ընդլայնելու եւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները արդիւնաւէտօրէն կառավարելու իր ցանկութիւնը: Ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը, կարիքաւոր աֆղաններուն մարդասիրական օգնութեան...

«Ուքրանիոյ Մօտ Ռուսական Ուժերու  Նոր Կուտակում Մը Կը Մտահոգէ Ամերիկան Ու Եւրոպան»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Ուքրանիոյ Մօտ Ռուսական Ուժերու Նոր Կուտակում Մը Կը Մտահոգէ Ամերիկան Ու Եւրոպան» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական ուժերու նոր կուտակում մը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ պաշտօնատարներ, որոնք կը հետեւին Ռուսիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ, իրենց պնդումով, սպառազինութեան եւ զինուորներու ոչ կանոնաւոր շարժումներուն: Պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ ռուսական ուժերու շարժումները վերականգնած են այն մտավախութիւնները, որոնք յառաջացած էին անցեալ ապրիլին, երբ ուքրանական սահմաններուն մէջ տարիներէ ի վեր ռուսական ուժերու մեծագոյն...

Քսաններու Խմբակի Երկիրները Հռոմի Վեհաժողովի Ընթացքին Եզրափակիչ  Հաղորդագրութիւն Որդեգրած Են

Քսաններու Խմբակի Երկիրները Հռոմի Վեհաժողովի Ընթացքին Եզրափակիչ Հաղորդագրութիւն Որդեգրած Են

Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները ճանչցած են 21-րդ դարու կէսերուն համաշխարհային ածխածնային չէզոքութեան հասնելու անհրաժեշտութիւն: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հռոմի մէջ Քսաններու վեհաժողովի արդիւնքներուն վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ: «Մենք կ՛ընդունինք դարու կիսուն կամ հարիւրամեակի կէսերուն մօտ ջերմացնող կազերու համաշխարհային մաքուր զերոյական արտանետումներու կամ ածխածնային չէզոքութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ: Քսաններու...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են  «3+3» Ձեւաչափի Գործարկման Հեռանկարները

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են «3+3» Ձեւաչափի Գործարկման Հեռանկարները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման նպատակով «3+3» շրջանային գործիքակազմի գործարկման հեռանկարներուն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Հռոմի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ կայացած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու...

Անգարայի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը  Կը Հերքէ Աֆղան Գաղթականներու Հարցին Շուրջ  Պայտըն-Էրտողան Համաձայնութեան Վերաբերեալ Լուրերը

«Պայտըն Կ՛ակնկալէ Եւրոպայի Մէջ Հանդիպիլ Էրտողանի Հետ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կ՛ակնկալէ Եւրոպա այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Սպիտակ տունէն: Յիշեցնենք, որ Էրտողան չորեքշաբթի օր լրագրողներուն ըսած էր, որ Կլասքոյի մէջ Պայտընի հետ իր յառաջիկայ բանակցութիւններուն հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ հինգերորդ սերունդի «ԷՖ-35» հալածիչներուն առնչուած խնդիրը:

Թուրքիան Սուրիոյ Հիւսիսը Երկու  Զինուորական Գործողութեան Կը Պատրաստուի

Թուրքիան Սուրիոյ Հիւսիսը Երկու Զինուորական Գործողութեան Կը Պատրաստուի

Թրքական բանակը կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ երկու գործողութիւն կատարելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան այս մասին յայտնած է սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը: «Անգարայի հրամանով` զինեալ կազմաւորումները բերուած են ամբողջական պատրաստութեան», ըսած է ան: Աղբիւրը բացատրած է, որ զինուորականները բաժնած են քանի մը ուղղութիւններով` Իտլիպ նահանգ, Մարի եւ Ազեզ քաղաքներու տարածքին մէջ գտնուող որոշ բնակավայրեր` Մընպեժ քաղաքի տարածքին մէջ գտնուող Մինիկ զինուորական...

Հակառակ Թրքական Հրետանիին  Կողմէ Բուռն Ռմբակոծման.  «Ազգային Բանակ»-ը Չէ Յաջողած  Այն Տաքնայի Ուղղութեամբ Յառաջանալ

Հակառակ Թրքական Հրետանիին Կողմէ Բուռն Ռմբակոծման. «Ազգային Բանակ»-ը Չէ Յաջողած Այն Տաքնայի Ուղղութեամբ Յառաջանալ

Սուրիոյ մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ թրքական հրետանին բուռն կերպով ռմբակոծած է Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Թել Ռիֆաաթի մօտ գտնուող Այն Տաքնա գիւղը: «Մայատին»-ի լրագրողը կը հաղորդէ, որ ռմբակոծումը կատարուած է Հայլպէի հիւսիս- արեւմուտքը գտնուող Ազեզ քաղաքէն եւ թիրախ դարձուցած Այն Տաքնա գիւղը: Աֆրինի ազատագրման ուժերը հակադարձած են թրքական բանակի ռմբակոծման` հարուածելով Ազեզի մէջ անոր դիրքերը, իսկ...

Չաւուշօղլու. «Մենք Դրական Ուղերձներ Կը Յղենք, Որոշ Դրական Ուղերձներ Կու Գան Հայաստանէն, Սակայն Այդ Դրական Ուղերձները Պէտք Չէ Միայն Բառեր Ըլլան»

«Ռուսիան Եւ Միացեալ Նահանգները Չեն Կատարեր Սուրիոյ Հարցին Մէջ Իրենց Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը չեն կատարեր զինեալները թրքական սահմաններէն հեռու տանելու իրենց պարտաւորութիւնները: Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ հաւանական գործողութեան եւ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու հետ հաղորդակցութիւններու մասին հարցումին` թուրք նախարարը նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը այս հարցին վերաբերեալ անհրաժեշտ յայտարարութիւններ կատարած է: Չաւուշօղլու ըսած...

Իրանի Հիւսիս-Արեւմուտքը Ահաբեկչական  Խմբաւորում Մը Ոչնչացուած Է

Իրանի Հիւսիս-Արեւմուտքը Ահաբեկչական Խմբաւորում Մը Ոչնչացուած Է

Իրանի մէջ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերը Սարտաշթի մէջ ոչնչացուցած են ահաբեկչական խմբաւորում մը: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի պահակագունդի հասարակութեան հետ կապերու բաժինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Համզէ Սայետ օֆ Շոհոտա» ռազմակայանի ցամաքային ուժերը ուղղակի ճակատումի մէջ մտած են խումբ մը ահաբեկիչներու եւ հակայեղափոխականներու հետ, որոնք փորձած են ներթափանցել եւ խափանարարական գործողութիւն կատարել երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանին...

«Անգարան Եւ Տոհան Սուրիոյ Մէջ  Քաղաքական Լուծումին Կը Զօրակցին»  Կ՛ըսէ Քաթարի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

«Անգարան Եւ Տոհան Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Լուծումին Կը Զօրակցին» Կ՛ըսէ Քաթարի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

Քաթարի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մուսթաֆա Քէօքսու յայտնեց, որ Անգարան եւ Տոհան Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին եւ պատերազմական ոճիրներ գործածներու հաշուետուութեան ենթարկման կը զօրակցին: «Թուրքիան եւ Քաթարը կը հաւատան, որ սուրիական տագնապին կարելի է վերջ տալ միայն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին հիմամբ քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբով», նշեց թուրք դեսպանը` նշելով, որ երկու երկիրները կը զօրակցին ՄԱԿ-ի արժեչափերուն հիմամբ քաղաքական լուծումի...

Բրիտանիան Ֆրանսայի Դեսպանին Յանձնած Է  Ձկնորսութեան Հարցին Շուրջ  Տարակարծութեան Պատճառով Բողոքագիր Մը

Բրիտանիան Ֆրանսայի Դեսպանին Յանձնած Է Ձկնորսութեան Հարցին Շուրջ Տարակարծութեան Պատճառով Բողոքագիր Մը

Բրիտանական կառավարութիւնը յայտնեց, որ իր մօտ կանչած է Լոնտոնի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը` բողոքելու համար Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք ձկնորսութեան հարցին շուրջ տարակարծութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի վարմունքին դէմ: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս յայտնեց. «Եւրոպայի հարցերու նախարար Ուինտի Մորթըն Բրիտանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը կանչեց Բրիտանիոյ ուղղուած յուսախաբութիւն պատճառող եւ անպատշաճ սպառնալիքները բացատրելու համար»: Ֆրանսայի վարչապետ Ժան Քասթեքս յայտնած էր,...

Թեհրան Համացանցային Յարձակումներ  Գործած Է Իսրայէլի Դէմ Ձեռք Ձգած Իսրայէլեան  Բանակի Բոլոր Զինուորներուն Տուեալները

Թեհրան Համացանցային Յարձակումներ Գործած Է Իսրայէլի Դէմ Ձեռք Ձգած Իսրայէլեան Բանակի Բոլոր Զինուորներուն Տուեալները

«Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թեհրան Իսրայէլի դէմ համացանցային յաջող յարձակումներ գործած է: Սակայն նպատակը, ըստ իսրայէլեան օրաթերթին, ուշադրութիւն շեղելն է ինքնին Իրանի մէջ համացանցային անվտանգութեան առնչուած խնդիրներէն: Վերջերս Իսրայէլի համացանցային յարձակումը խափանած էր Իրանի մէջ վառելանիւթի կայարաններու աշխատանքը: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ վեց ամիս առաջ զանգուածային համացանցային յարձակում կատարուած է Միացեալ Նահանգներու վառելանիւթային ցանցին...

Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին  Շուրջ Բանակցութիւնները  Պիտի Վերսկսին Նոյեմբերի Վերջաւորութեան

Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Վերսկսին Նոյեմբերի Վերջաւորութեան

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի ներկայացուցած է 2015 թուականին կնքուած հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման ծրագիրը: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին նոյեմբերի վերջաւորութեան: Այս մասին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Էնրիքէ Մորայի հետ հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է իրանցի դիւանագէտը: Պաղերի նշած է. «Կառուցողական եւ լուրջ երկխօսութիւն ունեցայ Մորայի հետ` շեշտը դնելով յաջող...

Page 304 of 883 1 … 303 304 305 … 883

Արխիւներ