Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան «Ապերախտութիւն» Որակած Է` Գաղթականներու Ճգնաժամին Պատճառով Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները

November 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապերախտութեան դրսեւորումներ են այն պնդումները, թէ Եւրոպական Միութեան սահմաններուն մօտ ներգաղթի ճգնաժամ ստեղծուած է Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին Անգարայի մէջ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Թուրք ղեկավարը Յունաստանը մեղադրած է գաղթականներու հետ վատ վերաբերելու յանցանքով: «Յունաստան այն երկիրն է, որ ծակած է գաղթականներ տեղափոխող նաւակները` զանոնք դատապարտելով մահուան: Մենք ատոր ապացոյցը ունինք», ըսած է Էրտողան:

Նախագահ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Վիքթոր Օրպանին եւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն` երկրէն նախապէս դուրս բերուած 101 պատմական իրեր Թուրքիոյ վերադարձնելուն համար:

Ան նաեւ Հունգարիոյ շնորհակալութիւն յայտնած է` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին ցուցաբերած «ուժեղ աջակցութեան» համար:

Օրեր առաջ ալ Թուրքիա անդրադարձաւ Պիելոռուսիա ներգաղթեալներ տեղափոխելու հարցին իր մեղսակցութեան վերաբերեալ մեղադրանքներուն: Արդարեւ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին իր լեհ պաշտօնակից Զպիկնեւ Ռաուի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

«Թուրքիոյ եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկած են լեհ-պելառուսական սահմանին վրայ անօրինական ներգաղթեալներուն առնչուած կացութիւնը: Մեր նախարարը լեհական կողմին յայտնած է իր հիասթափութիւնը առ այն, որ, թէեւ Թուրքիան խնդրին առնչակից կողմ չէ, բայց եւ այնպէս կը փորձեն զինք այդպիսին դարձնել: Ան հերքած է այդ հարցով Թուրքիոյ եւ Թրքական օդանաւային ընկերութեան հասցէին հնչող անհիմն մեղադրանքները», կ՛ըսուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Չաւուշօղլուն Լեհաստանին առաջարկած է թեքնիք յանձնախումբ ուղարկել Թուրքիա` ներգաղթեալներուն առնչուած ճգնաժամը ուսումնասիրելու համար:

Շաբաթասկիզբին Պիելոռուսիոյ Պետական սահմանային յանձնախումբը յայտնած էր, որ հիմնականին մէջ քիւրտ գաղթականներէ կազմուած մեծաթիւ խումբը ուղեւորուած է Լեհաստանի հետ սահմանին մօտ: Սահմանի երկայնքին աւելի քան 2000 գաղթական մնացած է ` հանդիպելով լեհական կողմի արգելափակման:

 

 

Նախորդը

Սպանական «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ի Կը Բացայայտէ Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստացած Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Անունները

Յաջորդը

1979-ին Չներածուած Հրասայլերու Համար Բրիտանիա Համաձայնեցաւ Իր Պարտքը Վճարել Թեհրանին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.