Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Երկիրները Կ՛ամբաստանեն Պիելոռուսիան «Դրացի Երկիրներու Կայունութիւնը Քայքայելու» Մեղադրանքով

November 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ արեւմտեան երկիրները ամբաստանեցին Պիելոռուսիան  «Լեհաստանի հետ իր սահմանին վրայ, Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմաններու կայունութիւնը քայքայելու նպատակով մարդոց կանոնաւոր շահագործում կատարելու մեղադրանքով»:

Ֆրանսան, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգները, Իրլանտան եւ Նորվեկիան, ինչպէս նաեւ անոնց միացած Ալպանիան այս գծով հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ յանուն անոնց կարդաց ՄԱԿ-ի մէջ Էսթոնիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սւեն Ժիրկընսընը:

Ըստ անոր, վերոնշեալ երկիրները հաղորդագրութեան մէջ կը դատապարտեն Պիելոռուսիան` քաղաքական նպատակներու համար կանոնաւոր կերպով մարդոց օգտագործելուն ու անոնց կեանքերը վտանգի ենթարկելուն համար` պատճառաբանելով, թէ ատոր նպատակը «Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմաններու կայունութիւնն է»:

Էսթոնիոյ դեսպանը նաեւ նշեց, որ Պիելոռուսիան` այդ տագնապի միջոցով կը նպատակադրէ «դրացի երկիրներու կայունութիւնը քայքայել եւ մարդկային իրաւանց հետզհետէ աճող իր ոտնահարումներէն ուշադրութիւն շեղել»:

Հաղորդագրութեան հեղինակ արեւմտեան պետութիւնները կոչ ուղղեցին` Մինսքի քայլերուն նկատմամբ միջազգային ուժեղ հակազդեցութիւն մը որդեգրելու:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաս հինգշաբթի օր յայտնած էր, որ Լեհաստանի սահմանին վրայ ներգաղթեալներու տագնապին պատճառով Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն միայն յանդիմանելը բաւարար չէ` շեշտելով, որ հարկ է ճիշդ եզրակացութիւններ կատարել եւ շարք մը քայլեր որդեգրել:

Լեհաստանի վարչապետ Մաիուշ Մորավիցսքի իր կարգին յայտնած էր, որ Ռուսիան պատասխանատու է լեհ-պիելոռուսական սահմանին վրայ ներգաղթի տագնապին համար` նշելով.«Մոսկուան մեղսակից է այս տագնապին»:

Քրեմլին հակադարձած էր.«Մորավիցսքիի յայտարարութիւնները անպատասխանատուն են եւ անընդունելի»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Լեհաստանը, Էսթոնիան, Լիթուանիան եւ Լաթվիան կը դիմագրաւեն վերջին ամիսներուն Պիելոռուսիայէն ապօրինի կերպով իրենց երկիրներ մուտք գործել փորձող անձերու թիւի աճ:

 

Նախորդը

1979-ին Չներածուած Հրասայլերու Համար Բրիտանիա Համաձայնեցաւ Իր Պարտքը Վճարել Թեհրանին

Յաջորդը

«Զանգեզուրի Միջանցքը Պիտի Միաւորէ Թրքական Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Կ՛ըսէ Ալիեւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.