Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«3+3» Ձեւաչափը Կը Համապատասխանէ Շրջանի Բոլոր Պետութիւններու Շահերուն» Կ՛ըսէ Զախարովա

November 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ամէն շաբաթեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առաջարկով Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, առաւել Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) հարթակի ստեղծման վերաբերեալ հարցումին` նշելով, որ Ռուսիան աջակցած է այս առաջարկին:

«Եւ ի հարկէ մենք կ՛ենթադրենք, որ ժամանակն է այս ձեւաչափի գործարկման ծրագիրները տեղափոխելու գործնական հուն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Վրաստանի դիրքորոշման, ապա Թիֆլիսէն կը լսենք իրերամերժ յայտարարութիւններ` այս խորհրդատուական մեքանիզմին մէջ մասնակցութեան առնչութեամբ: Սակայն ատիկա գերիշխան պետութեան դիրքորոշումն է: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ «3+3» ձեւաչափը կը համապատասխանէ շրջանի բոլոր պետութիւններու շահերուն», ըսած է Զախարովա:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը միջազգային լայն աջակցութիւն ունի, ինչպէս որ նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այս տարուան նոյեմբեր իննի յայտարարութեան մէջ: Կարեւոր կը նկատենք եռեակին գծով շարունակել ջանքերը նախ եւ առաջ շրջանին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ծիրին մէջ», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ 24 սեպտեմբերին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած էր:

Ըստ Զախարովայի, ներկայիս եռեակը կը նախապատրաստուի շարք մը եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ հանդիպումներու:

«Մենք կարեւոր կը նկատենք կարելի եղածին չափ արագ վերականգնել եռեակի` այս շրջան այցելելու գործելաոճը», եզրափակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին Պիտի Դիմէ Շուշին «Ստեղծագործ Քաղաքներու Ցանց»-ին Մէջ Ներառելու Համար

Յաջորդը

Փոլ Փոկպա Երկու Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.