Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակենք». Կ՛ըսէ Սէուտական Արաբիոյ Դիւանագիտութեան Պետը

November 15, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը շաբաթ օր յայտնեց, որ Իրանի հետ իր երկրի բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եւ մօտ օրէն բանակցութիւններու յաւելեալ փուլ մը կը նախատեսուի:

Պըն Ֆարհան իշխանը «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բանակցութիւններու նախորդ չորս փուլերը պարզապէս բազկերակի շօշափման համար էին եւ ոչ թէ խորքային, սակայն երկու կողմերուն հաղորդակցելու նկատմամբ յանձնառութիւնը հաստատեցին»:

«Լուրջ վերապահութիւններ ունինք իրանեան հիւլէական բանակցութիւններուն նկատմամբ, որոնք հաւանաբար քանի մը շաբաթէն վերստին շարունակուին», ըսաւ սէուտական դիւանագիտութեան պետը:

Յիշեցնենք, որ Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, որ իր երկիրը 21 սեպտեմբերին Իրանի հետ ուղղակի բանակցութեան չորրորդ փուլ մը կատարած է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ իր կարգին 31 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Իրանն ու Սէուտական Արաբիան իրենց միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւններ գոյացուցած են` աւելցնելով. «Տակաւին Թեհրանի եւ Ռիատի մէջ դեսպանատուներու վերաբացումէն հեռու ենք»:

«Իրան Սէուտական Արաբիոյ հետ Պաղտատի մէջ երկխօսութեան չորս փուլեր կատարեց, սակայն մեր եւ սէուտական կառավարութեան միջեւ հաղորդակցութիւններն ու նամակներու փոխանակումը կը շարունակուէին եւ չդադրեցան», ընդգծեց Սայիտ Խաթիպզատէ:

Նշենք, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները 2016 թուականէն ի վեր խզուած են:

Նախորդը

Իրանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այսօր Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենան

Յաջորդը

Լիվըրփուլի Մէջ Ինքնաշարժի Պայթում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.