Ռուս-թրքական ժամանակակից յարաբերութիւնները կարելի է կոչել պատմութեան մէջ ամէնէն խաղաղը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուին բաւական լաւ զարգանալ: Մենք ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ, որոնք պատմութեան մէջ չեն եղած», ըսած է թրքական պետութեան ղեկավարը:
Էրտողան չէ բացառած նաեւ մօտիկ ապագային Մոսկուա այցելութիւնը կամ հերթական հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Թուրքիոյ նախագահը դարձեալ նշած է, որ Անգարան պատրաստ է միջնորդական ծառայութիւններ մատուցել Մոսկուային եւ Քիեւին:
Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է. «Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի որեւէ փորձ լուրջ հարուած պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանի կայունութեան համար»: