Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պիտի այցելէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ:
«Մենք կ՛ակնկալենք Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի վաղը Իրան պաշտօնական այցելութիւնը: Ասիկա լաւ սկիզբ է 2022 թուականին համար», երէկ գրած է դեսպանը:



