ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ժամանակ կոչ ուղղած է պատրաստուելու յաջորդ համաճարակին:
«Մենք պէտք է յաջորդ համաճարակին պատրաստուինք` ներդրում կատարելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ հսկողութեան, աւելի կանուխ յայտնաբերման եւ արագ արձագանգման հարցով ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հեղինակութիւնը», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, տեսաուղերձի մէջ ըսած է Կութիերես:
Ան նաեւ կոչ ուղղած է` արդար եւ հաւասար պայմաններու մէջ պայքարելու «Քորոնա» ժահրի ներկայ համաճարակին դէմ:
Կութիերես յիշեցուցած է, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նախապէս ներկայացուցած էր ռազմավարութիւն, որուն համաձայն, կը նախատեսուէր մինչեւ 2021 թուականի վերջը պատուաստել Երկրի բնակչութեան 40 առ հարիւրը եւ 70 առ հարիւրը այս տարուան վերջաւորութեան:



