23 յունուարին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու պետական ծառայողներուն դեսպանատունէն կամաւոր հեռանալու մասին որոշումին եւ ամերիկացի պետական ծառայողներու ընտանիքներուն հրամայած է լքել դեսպանատունը` Ռուսիոյ կողմէ զինուորական գործողութեան շարունակուող սպառնալիքին պատճառով:
«Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիա գտնուող քաղաքացիները պէտք է մտածեն մեկնելու մասին` օգտագործելով առեւտրական կամ սեփական փոխադրամիջոցներու այլ տարբերակներ:
«Տեղեկութիւններ կան, որ Ռուսիան զգալի զինուորական գործողութիւններ կը ծրագրէ Ուքրանիոյ դէմ: Անվտանգութեան պայմանները մասնաւորաբար Ուքրանիոյ սահմաններու երկայնքին, Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած Խրիմի եւ Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ, անկանխատեսելի են եւ կրնան առանց նկատառումի վատթարանալ», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Քիեւ, Ուաշինկթընն ու անոնց դաշնակիցները կը պնդեն, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ աւելի քան 100 հազարի հասնող զօրք կուտակած է` «առ ի պատրաստութիւն ուքրանական հողեր նոր ներխուժումի գործողութեան»:
Ռուսիան բազմիցս յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն կատարելու նպատակ չունի, այդ առնչութեամբ տեղեկութիւնները սուտ են եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման ու ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնման իբրեւ պատրուակ կը ծառայեն:
«Պի.Պի.Սի.» իր կարգին հաղորդեց, որ Բրիտանիան սկսած է Ուքրանիայէն հեռացնել իր դեսպանատան աշխատակիցներուն մէկ մասը:
«Դեսպանատան որոշ աշխատակիցներ եւ անոնց ընտանիքներուն անդամները կը հեռացնեն Քիեւէն` ի պատասխան Ռուսիոյ կողմէ աճող սպառնալիքին: Բրիտանական դեսպանատունը կը մնայ բաց եւ պիտի շարունակէ իրականացնել հիմնական աշխատանքները», կը նշուի դիւանագիտական ծառայութեան յայտարարութեան մէջ:
«Կազեթա» կայքը հաղորդեց, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկ յայտնած է, որ Վիեննան կը նախատեսէ հեռացնել Քիեւի մէջ իր դեսպանատան աշխատակիցները, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած:



