Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փութինի Նպատակը Ոչ Թէ Ուքրանիան Է, Այլ Արեւմուտքի Հետ Սակարկելը» Կ՛ըսէ Քալըն

February 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նշած է, որ իր կարծիքով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նպատակը ոչ թէ Ուքրանիան է, այլ` Արեւմուտքի հետ սակարկելը: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նպատակը, իմ կարծիքովս, ոչ թէ Ուքրանիան է, այլ Արեւմուտքի հետ սակարկելը: Ստեղծուած կացութեան մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներուն դիրքորոշումը կենսական կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ անոնք կրնան նուազեցնել ճակատումի սրութիւնը, եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրնայ ատոր օգնել` խաղալով միջնորդի արդիւնաւէտ դեր», ըսած է Քալըն:

Անոր համաձայն, Թուրքիոյ ղեկավարին Քիեւ վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է շրջանին համար վճռորոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ:

«Ուքրանիոյ մէջ Էրտողանի այցելութիւնը շատ դրական ընդունուեցաւ: Նման տեսակէտ կը կիսէ ՕԹԱՆ-ը: Նախագահ Էրտողան Քիեւի մէջ շատ հաւասարակշռուած յայտարարութիւններ կատարած է` կողմերուն երկխօսութեան կոչ ուղղելով: Կը կարծեմ` չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, որ Թուրքիան միակ երկիրն է, որ կրնայ միջնորդի դեր կատարել այս կացութեան մէջ: Նոյն Փութինի հետ Արեւմուտքի ղեկավարներու հաղորդակցութիւնները բոլորովին այլ բնոյթ կը կրեն», ըսած է Քալըն:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ նոյնիսկ Ուքրանիոյ մէջ բացայայտ մտահոգ են Ռուսիոյ մօտալուտ ներխուժումին վերաբերեալ պնդումներով:

«Որեւէ պատերազմ վտանգ եւ բեռ է, որ պէտք է կարելի եղածին չափ հաշուարկել, ներառեալ քաղաքական եւ տնտեսական հարթութիւնը: Շատ կարեւոր է ձգտիլ նուազեցնել լարուածութեան սրութիւնը եւ պատասխանել պարզ հարցումի մը. ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ աշխարհաքաղաքական դասաւորուածութիւնը Պաղ պատերազմի աւարտէն 30 տարի ետք:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նպատակը, իմ կարծիքովս, ոչ թէ Ուքրանիան է, այլ Արեւմուտքի հետ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի հետ սակարկութիւնը: Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ ճակատումի ենթահողին վրայ Թուրքիոյ դիրքորոշումը շատ կարեւոր է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:

Նախորդը

Փեսքով Մեկնաբանած Է Փութինի Թուրքիա Այցելութեան Վերաբերող Տեղեկութիւնները

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Պերլինի Մէջ Ցոյց Կ՛ընեն` Պահանջելով Վերցնել Հայտար Ալիեւի Յուշարձանները

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.