Մենք ուժանիւթային կապեր ունինք բոլոր չորս դրացի երկիրներուն հետ եւ այժմ կ՛աշխատինք նոր նախագիծի վրայ: Կը նախատեսենք Զանգեզուրի միջանցքին ճամբով նոր գիծ կառուցել Ազրպէյճանէն Նախիջեւանի ինքնավար Հանրապետութիւն, այնտեղէն ալ` Թուրքիա եւ Իրան: Այս մասին ԱԶԵՐԹԱՔ-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Եւ ես արդէն ըսի, որ Զանգեզուրի միջանցքը նախատեսուած է ո՛չ միայն երկաթուղիի, ճամբաներու օդային փոխադրութեան համար: Զանգեզուրի միջանցքը միեւնոյն ժամանակ իր դերը պիտի ունենայ ուժանիւթային հարստութիւններու արտածման գործին մէջ:
«Մենք պիտի ունենանք Ազրպէյճանի անբաժանելի մաս կազմող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ելեկտրականութեան մատակարարման նոր գիծ, այնտեղէն ալ` արտաքին շուկաներ, իսկ Թուրքիայէն ետք` Եւրոպա: Մենք կ՛աշխատինք ատոր վրայ, եւ մեր աճող արտածումը պիտի բարձրացնէ մեր աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ մեզի լրացուցիչ դրամանիշ պիտի բերէ:
«Մենք օտար դրամանիշ պիտի ստանանք ո՛չ միայն քարիւղէն ու կազէն, այլ նաեւ ելեկտրականութենէն, եւ մեր երկիրը աւելի հարուստ պիտի ապրի», ըսած է Իլհամ Ալիեւ:


