Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Շուրջ Կացութիւնը Հետզհետէ Աւելի Կը Թէժանայ

Փետրուար 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ մէջ տագնապը օրըստօրէ կը սրի: Նախանցեալ օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախազգուշացուցած էր, որ երբ ամերիկացիներն ու ռուսերը Ուքրանիոյ մէջ սկսին իրարու վրայ կրակել, ատիկա համաշխարհային պատերազմ պիտի դառնայ, եւ մենք պիտի յայտնուինք բոլորովին այլ աշխարհի մէջ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունին Ուքրանիոյ դէմ ռուսական մագլցողական քայլերու ցուցանիշներ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կոչ ուղղած էր Ուքրանիոյ մէջ Ամերիկայի քաղաքացիներուն, որ անմիջապէս հեռանան Ուքրանիայէն: Նոյնը ըրած են շարք մը այլ երկիրներ:

Այս ծիրին մէջ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը եւս երէկ կոչ ուղղեց Ուքրանիա ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ ուսանողներուն, որ իրենց ազատ կամքով եւ ըստ կարելւոյն արագ լքեն Ուքրանիան մինչեւ լարուածութեան նուազումը, իսկ Ուքրանիա ճամբորդելու մտադրութիւն ունեցող լիբանանցի քաղաքացիները խրատեց, որ յետաձգեն իրենց ճամբորդութիւնը:

Քիեւ Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Օդային Տարածքը Փակելու Մասին Տեղեկութիւնները

Ուքրանիոյ օդային տարածքը փակելու մասին տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան, «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած են երկրի ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն:

«Օդային տարածքի փակումը երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ որեւէ որոշում չէ տրուած այս առնչութեամբ», աւելցուցած են նախարարութենէն:

Լրատու գործակալութեան տուեալներով` օդանաւային ընկերութիւններուն մեծ մասը կը շարունակէ գործել առանց սահմանափակումներու:

Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ Ուքրանիան կը խորհրդակցի միջազգային գործընկերներու հետ եւ կը պատրաստէ կառավարութեան համապատասխան որոշումները:

Պլինքըն «Ուքրանիոյ Շուրջ Իրավիճակի Կարգաւորման Դիւանագիտական Ճամբան Տակաւին Բաց Է»

Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման դիւանագիտական ճամբան տակաւին բաց է, Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղեն շարժելու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ: Այս մասին շաբաթ օր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:

«Ես հասկցուցի, ինչպէս նախագահ (Ճօ Պայտընը) այսօր` Ռուսիոյ նախագահ Փութինին հետ զրոյցի մը ընթացքին, որ այս ճգնաժամը լուծելու դիւանագիտական ճամբան կը մնայ բաց», ըսած է Պլինքընը համաժողովի ժամանակ` աւելցնելով, որ Մոսկուան պէտք է զբաղի լարուածութիւնը նուազեցնելով, ոչ թէ լարուածութեամբ, եւ «ո՛չ միայն պէտք է խօսի իրավիճակէն դիւանագիտական ելքի ձգտելու մասին, այլ իսկապէս աշխատի այդ ուղղութեամբ»:

«Մեր զրոյցի ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը ըսաւ, որ ռուսական կողմը կ՛աշխատի այն փաստաթուղթի պատասխանին վրայ, որ մենք ուղարկած ենք Մոսկուա աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, եւ ուր մենք առաջարկած ենք քննարկման յստակ ոլորտներ», ըսած է Պլինքըն:

Ըստ Պլինքընի, ռուսական կողմի պատասխանը ստանալէ ետք Միացեալ Նահանգներ պատրաստ պիտի ըլլան համագործակցելու դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ միասին:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Կ՛աղօթէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութեան Համար

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը երէկ կիրակնօրեայ աւանդական պատարագէն ետք, ուղերձով դիմելով Վատիկանի մէջ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն, աղօթած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար:

«Ուքրանիայէն ստացուող լուրերը մեծ տագնապ կը յառաջացնեն, յանուն խաղաղութեան բոլոր ջանքերը կը վստահիմ Մարիամ Աստուածածինի բարեխօսութեան եւ քաղաքական առաջնորդներու խիղճին, աղօթենք լռութեան մէջ», ըսած է սրբազան քահանայապետը:

Ֆրանչիսկոս պապը բազմիցս անդրադարձած է Ուքրանիոյ հարցին եւ կոչ ուղղած` «միջազգային երկխօսութեամբ լուծելու ճգնաժամը»:

Զախարովա. «ԵԱՀԿ–ի Առաքելութիւնը Ուքրանիոյ Մէջ Կ՛օգտագործուի Իբրեւ Հաւանական Սադրանքի Գործիք»

Մոսկուան անհանգստացած է Ուքրանիոյ մէջ ԵԱՀԿ-ի յատուկ դիտորդական առաքելութեան անձնակազմը վերաբաշխելու որոշ երկիրներու որոշումով, «առաքելութիւնը միտումնաւոր կերպով կը ներքաշուի Ուաշինկթընի կողմէ հրահրուած ռազմատենչ հոգեկան խառնաշփոթութեան մէջ» եւ կ՛օգտագործուի իբրեւ հաւանական սադրանքի գործիք: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ:

Զախարովա նաեւ ըսած է, որ Մոսկուան կոչ կ՛ուղղէ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութեան թոյլ չտալու, որ կազմակերպութիւնը ներքաշուի Ուքրանիոյ շուրջ անբարեխիղճ քաղաքական խաղերու մէջ:

 

Նախորդը

Ուքրանիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Դիւանագիտական Ուղիները

Յաջորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ` 0-3

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?