Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ երկուշաբթի օր այցելեց Պահրէյն, ինչ որ Իսրայէլի վարչապետի մը կողմէ առաջին հրապարակային այցելութիւնն էր: Երկու շաբաթ առաջ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառի համաձայնութիւն մը ստորագրուած էր:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց 2 փետրուարին այցելած էր Մանամա եւ յայտնած, որ իսրայէլեան բանակէն սպայ մը պիտի տեղակայուի Պահրէյնի մէջ` մաս կազմելով Միջազգային դաշինքին:
Իսրայէլ եւ Պահրէյն 2020 թուականին ամերիկեան միջնորդութեամբ ստորագրած էին իրենց միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման «Աբրահամի համաձայնութիւնները»: Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետը անցեալ տարուան վերջաւորութեան նաեւ այցելած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Պենեթ Մանամա մեկնելէ առաջ լրագրողներու յայտնեց. «Կը կարծեմ, մանաւանդ ներկայ խառնակ ժամանակաշրջանին, կարեւոր է, որ այս շրջանէն բարի կամեցողութեան, համագործակցութեան հասարակաց մարտահրաւէրներու դէմ միասին կանգնելու եւ դէպի ապագայ կամուրջներ կառուցելու պատգամը յղենք»:
Ան Մանամայի մէջ լոյս տեսնող «Այամ» օրաթերթին յայտնեց. «Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան մէջ որեւէ փոխզիջում ռազմավարական սխալ մը պիտի ըլլայ: Իրան (արաբ) չափաւորական երկիրներու քանդումն ու զանոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններով փոխարինելու նպատակը կը հետապնդէ: Ատիկա պիտի չարտօնենք: Մենք ամէն օր շրջանին մէջ Իրանին եւ անոր կամակատարներուն դէմ կը պայքարինք, եւ որքան որ կրնանք մեր բարեկամներուն պիտի օգնենք ամրապնդելու իրենց խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»:
«Ես Իսրայէլն ու Պահրէյնը իբրեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ սերտ գործընկերներ կը տեսնեմ: Մեր միջեւ գործակցութիւնը բնական է: Կը նախատեսեմ, որ մեր միջեւ առեւտուրը նկատառելիօրէն աճի, ինչպէս աճած է, օրինակ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:


