Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Հարաւային Եւ Արեւմտեան Զինուորական Շրջաններու Զօրքերը Կը Վերադառնան Իրենց Մնայուն Տեղակայման Վայրեր

February 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հարաւային եւ արեւմտեան զինուորական շրջաններու զօրքերը Պիելոռուսիոյ մէջ ռազմափորձերու աւարտէն ետք կը վերադառնան իրենց մնայուն տեղակայման վայրեր: Այս մասին երէկ յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով:

«Հարաւային եւ արեւմտեան զինուորական շրջաններու զօրքերը արդէն սկսած են բեռնել երկաթուղային եւ ցամաքային փոխադրամիջոցները եւ այսօր պիտի շարժին դէպի իրենց զօրանոցները», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ Մինսքի մօտ հաւատարմագրուած զինուորական կցորդները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու պիելոռուսական ռազմափորձերուն:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց յառաջիկայ քանի մը օրերուն Տոնպասի մէջ ուքրանացի անջատողական զինեալներու կողմէ զինուորական գործողութիւններէ, ինչպէս նաեւ նախատեսեց, որ ներխուժման պարագային ռուսական ուժերը արագօրէն շարժին դէպի Քիեւ:

Մինչ այդ, հաղորդուեցաւ, որ Տոնպասի մէջ ռուսամէտ զինեալներու կողմէ կրակոցի պատճառով վիրաւորուած են 2 ուքրանացի զինուորներ:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա երէկ յայտարարեց, որ` «դաշնակիցներուն հետ յաջողեցանք Ռուսիոյ մէկ այլ մագլցում կատարելը արգիլել»` աւելցնելով. «Իրապէս փետրուարի կէսն ենք, եւ դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի»:

Յիշեցնենք, որ Արեւմուտքի լրատուամիջոցներն ու պաշտօնատարները շարունակ կը հաղորդէին, որ Ռուսիան փետրուարի կիսուն Ուքրանիա պիտի ներխուժէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտարարեց. «Արեւմտեան պատերազմի քարոզչութեան ձախողութեամբ` 15 փետրուար 2022 թուականը պատմութեան մէջ պիտի մտնէ»: «Անոնք ամօթի մատնուեցան եւ քանդուեցան առանց իսկ փամփուշտ մը կրակելու»:

ՕԹԱՆ ռուսական կարգ մը ուժերու Ուքրանիոյ սահմանէն իրենց զօրանոցներ վերադառնալուն վերաբերեալ «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» արտայայտեց:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Ռուսիոյ Տուման երէկ թեր քուէարկեց Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնները ճանչնալու վերաբերեալ որոշումի նախագիծին:

 

Նախորդը

Քալընի Եւ Էօնալի Մասնակցութեամբ Թրքական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Իսրայէլ

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ Ականահարած Են Զինուորական Փոխադրակառք Մը` Պատճառելով Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.