ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է Ազրպէյճանէն Եւրոպա կազի մատակարարումներու հարցն ու Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
«Լաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն` նախագահ Ալիեւի հետ: Մենք քննարկեցինք շրջանային անվտանգութիւնը եւ Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր մերձակայքը Ռուսիոյ ռազմական ներուժի աճը, ներառեալ ուժանիւթի շուկային վրայ ազդեցութիւնը: Ես Ազրպէյճանին շնորհակալութիւն յայտնեցի կազի մատակարարումները աւելցնելուն եւ Եւրոպային ուժանիւթի յուսալի մատակարար ըլլալուն համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է ՕԹԱՆ-ի ղեկավարը:


