Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մահմուտ Խալիֆա կը յայտնէ, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկային մէջ իր աթոռին վերադարձը «մօտ օրէն պիտի ըլլայ»:
Ըստ «Սփութնիք»-ի, Խալիֆա յայտնած է. «Գոյութիւն ունին Սուրիոյ վերադարձին վերաբերեալ առաջարկուած գաղափարներ», աւելցնելով, որ այդ վերադարձը «շատ շուտով» պիտի ըլլայ:
«Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռը չջնջուեցաւ, այլ սառեցուեցաւ մինչեւ Սուրիոյ մէջ եւ արաբական ծիրին մէջ որոշ պայմաններու ապահովուիլը»:
Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը կայունանայ, «եւ իր արաբ եղբայրներուն մէջ գտնուելով հզօրանայ»:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցուած էր 2011 թուականին:
Արաբական Լիկայի Վեհաժողովը Պիտի Գումարուի 2022 Թուականի Վերջին Եռամսեակին
Արաբական լիկայի յառաջիկայ վեհաժողովը պիտի գումարուի 2022 թուականի վերջին եռամսեակին, Ալճերիոյ մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ալճերիոյ պետական լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մաժիտ Թեպունը:
Ան հերքած է արաբ ղեկավարներուն միջեւ յաջորդ վեհաժողովին կազմակերպման վերաբերեալ որոշ տարակարծութիւններու գոյութիւնը: «Ոչ մէկ կարգի տարակարծութիւն կայ: Ընդհակառակն` մենք ստացանք հաւանութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներէն, Եգիպտոսէն, Թունուզէն եւ Եմէնէն արաբ ղեկավարներու, որոնք կը սպասեն Ալճերիոյ մէջ այդ վեհաժողովի գումարման», ընդգծած է նախագահը:
«Բոլոր արաբ եղբայրները վեհաժողովի կը սպասեն` նկատի առնելով Ալճերիոյ քաղաքականութիւնը, որ հաւասարապէս հեռու է բոլոր կողմերէն եւ իւղ չի լեցներ կրակին` երկիրներու միջեւ գժտութիւն հրահրելու համար: Մենք երկիրները առաւելագոյնս միաւորելու կը ձգտինք», յայտարարած է Թեպուն:
Ան ցանկութիւն յայտնած է, որ նախատեսուած բարձր մակարդակի հանդիպումը «շատ դրական արդիւնքներով պսակուի, առաւել եւս, որ ատիկա անհրաժեշտ է արաբական աշխարհին»:
«Եկէ՛ք դադրեցնենք մեկուսացումը», իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղած է Ալճերիոյ նախագահը: «Արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու պաշտօնական հանդիպումը պիտի գումարուի մարտին Գահիրէի մէջ, եւ ատոր ժամանակ պիտի հաստատուի վեհաժողովի վերջնական ժամկէտը», եզրակացուցած է ան:
Ալճերիան վերջին անգամ Արաբական լիկայի վեհաժողովը հիւրընկալած էր 2005 թուականին: Անցեալ տարուան դեկտեմբերին Թեպուն յոյս յայտնած է, որ Արաբական լիկայի յառաջիկայ վեհաժողովը պիտի օգնէ «միաւորելու արաբական շարքերը»: