Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անգարան մէկուկէս տարիէ ի վեր շրջանի շարք մը երկիրներու (ներառեալ Իսրայէլը) հետ գաղտնի բանակցութիւնները կը վարէ` «Համաս շարժումին համար բնակութեան նոր վայր գտնելու նպատակով»:
Ըստ օրաթերթին, ամէնէն բուռն քննարկումները եղած են Իսրայէլի հետ, որ կ՛ուզէ, որ Համասի գործիչները վտարուին:
«Հիւրրիեթ» կը նշէ, որ Անգարա Համասին յայտնած է, որ շարժումին մէջ մարտական պաշտօններու տէր անձերը պիտի չկարենան Թուրքիա մնալ, եւ ինք պաղեստինեան շարժումին զինուորական օժանդակութիւն պիտի չապահովէ: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ մէջ Համասի քաղաքական գործունէութիւնը պիտի շարունակուի:
Իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլեան պետութիւնը մինչեւ հիմա թրքական օրաթերթին հրապարակած տեղեկութիւնը չէ հերքած կամ հաստատած:
Ըստ իսրայէլեան «Ուալա» կայքին, իսրայէլեան քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ հաղորդակցութիւններուն եւ խօսելով Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի Թուրքիա հաւանական այցելութեան մասին յայտնած է, որ Իսրայէլ Հերցոկի այցելութեան համար Թուրքիոյ նախապայման չէ ճշդած:
«Մենք Թուրքիոյ հարցով զգուշութեամբ կը գործենք», աւելցուցած է պաշտօնատարը:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ թրքական մեծ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սատաթ Էօնալ, Իսրայէլի նախագահ Հերցոկի Թուրքիա նախատեսուած այցելութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ այս շաբաթ պիտի այցելէ Իսրայէլ: