Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց. «Կարելի չէ «Երկաթեայ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը անմիջապէս Ուքրանիոյ յանձնել, հակառակ Քիեւի այդ առնչութեամբ կատարած կոչերուն»:
Նուլընտ Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին լսումի նիստի ընթացքին աւելցուց. «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգը ստանալու համար չես կրնար մատներդ կրծել: Հարցը անձնակազմի մարզումի, տեղակայման կարողութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու կը կարօտի»:
«Անոնց ցուցակին վրայ կան այլ հարցեր, որոնք կրնանք ընել», շեշտեց Նուլընտ` ակնարկելով ուքրանական իշխանութիւններուն Արեւմուտքէն զէնք եւ սպառազինութիւն ստանալու դիմումներուն` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն վերջերս Քիեւին հրթիռարձակման համակարգերու դէմ մեծաթիւ ռատարներ յանձնեց»:
Նշենք, որ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը մերժած է Ուքրանիոյ յանձնել «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգեր, որոնք Իսրայէլի մէջ կ՛արտադրուին, իսկ Միացեալ Նահանգներ կը մասնակցին անոնց արտադրման ֆինանսաւորման:
Նուլընտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու բոլոր դեսպաններուն ցուցմունք տրուած է իրենց հաւատարմագրուած երկիրներուն հետ աշխատանք տանելու, որպէսզի անոնք միանան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան` Ռուսիոյ դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներու համար այս տագնապի աւարտը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ռազմավարական պարտութիւնն է, եւ երբ կը գիտակցի, թէ իր ղեկավարութիւնը, բանակն ու ժողովուրդը կը վտանգէ, պէտք է ընթացքը փոխէ»:
«Ուքրանացի գործընկերներու հետ աշխատանք կը տանինք` արգելք հանդիսանալու համար, որ անոնց կենսաբանական հետազօտութիւնները ռուսական ուժերուն ձեռքը անցնին», ըսաւ ան:
Նուլընտ նշեց, որ Ուքրանիոյ պատերազմական օդանաւեր յանձնելու հարցին շուրջ ամերիկեան վարչակազմին եւ դաշնակիցներու միջեւ կեցուածքներու տարբերութիւն գոյութիւն ունի: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց. «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարի ծրագիրը մեռած է, պարզապէս ծովուն յատակը գտնուող մետաղներու կոյտ է, եւ չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը ատոր յարութիւն պիտի տայ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ յայտնեց. «Ռուսիոյ գրաւոր որեւէ երաշխիք չէ տրուած, թէ Իրանի մէջ իր առեւտրական ներդրումը կամ Իրանի հետ զինուորական գործակցութիւնը պատժամիջոցներու ենթակայ չէ»:
«Հիւլէական համաձայնութեան բանաձեւման ճամբով աշխատանք կը տանինք երաշխաւորելու, որ գումարները օգտագործուին ի շահ իրանցի ժողովուրդին եւ ոչ թէ արտաքին յարձակումներու համար», ըսաւ ան:
Նուլընտ խօսքը Չինաստանի իշխանութեան ուղղելով յայտնեց. «Չին պաշտօնատարներուն կ՛ըսենք, որ այս տագնապին մէջ ղեկավարութեան առիթ գոյութիւն ունի, եւ անոնք պէտք է զայն օգտագործեն: Կ՛ուզենք, որ Չինաստան Ռուսիոյ մօտ իր ազդեցութիւնը օգտագործէ այս պատերազմին վերջ տալու համար, եւ առնուազն մարդասիրական միջանցքներու գործունէութեան օգնելու համար»:
«Ռուսիոյ ծրագիրները նուազ բիրտ պիտի չըլլան, այլ աւելի վայրագ պիտի դառնան Մոսկուայի նպատակներու իրագործման կարողութեան դանդաղեցումին պատճառով: Առօրեայ դրութեամբ գործուած բռնարարքներուն պատճառով պէտք է սերտել Ռուսիան ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակին վրայ ներառելու պահանջը», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:


