Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանը համակարգուած կերպով լայնածաւալ աշխատանք կը տանի Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի բարեկարգման ուղղութեամբ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ան շեշտած է, որ իրենք ընդմիշտ վերադարձուցած են Ղարաբաղն ու արեւելեան Զանգեզուրը եւ «այսուհետեւ այստեղ պիտի ապրին»` զանոնք կոչելով իրենց «պատմական հողերը»:


