Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Դատապարտենք Հուսիներու Կողմէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Ռմբակոծումը» Կ՛ըսէ Լաւրով

March 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետի հետ:

Լաւրով հանդիպումի աւարտին մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնն ու քաղաքայիններու տարհանման հարցը` նշելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնել:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Կը դատապարտենք հուսիներու կողմէ Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ռմբակոծումը եւ կը կարծենք, որ Եմէնի մէջ արդէն երկար տեւած խնդիրը զինուորական լուծում չունի»:

Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը կը գնահատէ Սուտանի մէջ գերիշխանական խորհուրդի քաղաքային փոխանցման նախապատրաստման ջանքերը:

«Մենք համոզուած ենք, որ պէտք է աշխուժացնել Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձին ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Ողջունեցինք սուրիական հարցի լուծման առումով էմիրաթական վերջին քայլերը»:

Լաւրով հանդիպումի ընթացքին ըսաւ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ իրենց հաւասարակշռուած կեցուածքին համար»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումէն ետք իր կարգին նշեց. «Կարեւոր է, որ Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ Լիբանանի տագնապները քննարկենք Ռուսիոյ հետ»:

 

Նախորդը

«Հակառակ Պատժամիջոցներուն` Ռուսիան Պիտի Գոյատեւէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Չինաստան Կը Յայտարարէ, Որ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը Կը Մնայ Անկախ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.