«Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ուաշինկթըն Անգարայի հետ կը բանակցի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ փոխանցելու եւ ատոր դիմաց Թուրքիոյ դէմ որդեգրուած սահմանափակումները վերցնելու շուրջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ուաշինկթըն մասնաւորաբար կ՛առաջարկէ վերականգնել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը «ԷՖ-35» հալածիչներու ստեղծման ու արտադրութեան ծրագիրին եւ ջնջել մնացեալ պատժամիջոցները:
«Մենք Անգարայի հետ մշտապէս կը բանակցինք, կը համոզենք հրաժարիլ «Էս-400» համակարգերէն եւ զանոնք փոխանցել Ուքրանիոյ, ատոր դիմաց պատրաստ ենք ջնջելու պատժամիջոցները եւ թուրքերուն համար նորէն բանալու կործանիչներու ծրագիրը», «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին ըսած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուան եւ Անգարան «Էս-400» համակարգերու աղմկայարոյց գործարքը կնքած են 2017 թուականին:
Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ-ի շարք մը երկիրներ խստօրէն քննադատած են Անգարան` նշելով, որ ռուսական արտադրութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ արեւմտեան սպառազինութիւնը համատեղելի չեն:
Ըստ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին, Սլովաքիան ստացած է «Փաթրիոթ» տեսակի ամերիկեան հակաօդային համակարգեր, որոնց դիմաց Ուքրանիոյ պէտք է տայ ռուսական արտադրութեան աւելի հին սերունդի «Էս-300» տեսակի հակաօդային համակարգեր:


