Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Եւ Նուլընտ Դիւանագէտներու Հետ Հանդիպում Ունենալով Կոչ Ուղղած Են Զօրակցելու Ռուսիան Դատապարտող ՄԱԿ-ի Բանաձեւին

October 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ` անոնց կոչ ուղղելով աջակցելու ՄԱԿ-ի բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական տարածքներու բռնակցումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Առցանց հանդիպումին մասնակցած են աւելի քան 100 պետութիւններ ներկայացնող 165 դիւանագէտներ:

Բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի արտակարգ նիստի ծիրին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմը քննարկած է Միացեալ Նահանգներու պատասխանը, եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ մարտավարական հիւլէական զէնք օգտագործէ:

«Ատոր մասին քննարկումներ եղած են, սակայն անպատասխանատու պիտի ըլլայ խօսիլ այն մասին, թէ ի՛նչ կրնանք եւ ի՛նչ չենք կրնար ընել», ըսած է Պայտըն:

Սպիտակ տան ղեկավարը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կոչած է «ողջախոհ խաղացող» մը, որ, բայց եւ այնպէս, Ուքրանիա ներխուժում կատարելով սխալ հաշուարկ կատարած է` ճիշդ չգնահատելով ուքրանացի ժողովուրդի դիմադրութիւնը ճնշելու իր կարողութիւնը:

Պայտըն նաեւ խոստացաւ, որ ՕՓԵՔ+-ի` անցեալ շաբաթ քարիւղի արտադրութիւնը նուազեցնելու որոշումը որդեգրելուն պատճառով Սէուտական Արաբիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն վրայ «հետեւանքներ» պիտի ունենայ:

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ լաւատեղեակ աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց. «Եօթներու խմբակ»-ի դիտորդները զինուորական արդարացի թիրախներ պիտի դառնան, եթէ Ուքրանիա ուղարկուին»:

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրները իրողապէս կը մասնակցին Ուքրանիոյ ներկայ տագնապին, որովհետեւ Քիեւի վարչակարգին կը տրամադրեն զէնքեր ու գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ մարտական ցուցմունքներով եւ ուքրանացի զինուորներու մարզումով անոր կ՛օգնեն: Եթէ այդ երկիրները ընդառաջեն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Ուքրանիա դիտորդներ ուղարկելու կոչին, ատիկա պիտի յանգեցնէ զանոնք վերջնականապէս տագնապի կողմ նկատելուն», ընդգծեց աղբիւրը:

Զելենսքի 11 հոկտեմբերին «Եօթներու խմբակ»-ին կոչ ուղղած էր Ուքրանիոյ հիւսիսային սահմաններուն վրայ դէտեր տեղակայելու` հսկելու համար ապահովական կացութեան:

 

 

Նախորդը

«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Խրիմի Կամուրջին Վրայ Կատարուած Պայթումին Գործով Ձերբակալած Է Շարք Մը Կասկածելիներ, Ներառեալ Հայաստանի Քաղաքացի Մը

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Կրակած Են Ազրպէյճանի Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.