Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան կ՛ուզէ մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն գնուող հեղուկ բնական կազի ծաւալը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան ըսած է Նիւ Եորքի մէջ թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդի նիստի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ:
«Յառաջիկային մենք կ՛ուզենք աւելի շահաւէտ պայմաններով մեծցնել Միացեալ Նահանգներէն գնուող կազի ծաւալները: Մենք պատրաստ ենք համագործակցելու ամերիկեան հեղուկ բնական կազի` շրջանի երկիրներուն մատակարարման հարցին մէջ», ըսած է Էրտողան:
Ներկայիս Թուրքիոյ կազ մատակարարող հիմնական երկիրներն են Ռուսիան, Իրանն ու Ազրպէյճանը: