Թուրքիոյ խորհրդարանը ընդունած է «Ապատեղեկատուութեան մասին» վիճահարոյց օրէնքը, որ կը նախատեսէ մէկէն երեք տարուան բանտարկութիւն այն անձերուն համար, որոնք մեղաւոր ճանչցուած են հրապարակաւ ապակողմնորոշող տեղեկութիւններ տարածելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թ24»-ը:
Այս օրէնքի 29-րդ յօդուածը հաւանութեան արժանացած է իշխող դաշինքին կողմէ, որ կը ներառէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անցեալ տարի առաջարկած ապատեղեկատուութեան օրինագիծը նպատակ ունի պայքարելու «կեղծ լուրերու, ապատեղեկատուութեան եւ սադրանքի» դէմ: