Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ 11 հոկտեմբերի կէս գիշերէն ետք, Ուաշինկթընի մէջ գնդակոծուած է Ազրպէյճանի դեսպանատան ծառայողական ինքնաշարժը:
Ազրպէյճանի դեսպանատունը միջադէպին մասին անմիջապէս տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու համապատասխան գերատեսչութիւնները եւ տեսախցիկի պատկերներ տրամադրած:


