Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի թագադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 մայիս 2023-ին, անոր մօր` Էլիզապեթ Բ. թագուհիի մահէն գրեթէ 8 ամիս ետք:
Պաքինկհամ պալատի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, թագադրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Չարլզ թագաւոր պիտի օծուի կրօնական արարողութեամբ մը, որ պիտի վարէ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը` Ճասթին Ուիլպի: Ան պիտի թագադրուի իր կնկան` վիճակակից թագուհի Քամիլայի հետ միատեղ, իսկ թագադրման արարողութիւնը պիտի արտացոլէ թագաւորին այժմու դերակատարութիւնը եւ ապագայի ձգտումը` պահպանելով հին աւանդութիւններու արմատներն ու փառքը:
Գոյութիւն ունին ենթադրութիւններ, որ թագադրման արարողութիւնը աւելի կարճ ու նուազ փառաշուք պիտի ըլլայ 1952-ին Էլիզապեթ Բ. թագուհիի թագադրման արարողութենէն, որուն տեւողութիւնը 3 ժամ էր:


