Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սուելա Պրավըրման կիրակի օր նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ անոր շուրջ յառաջացաւ այն կասկածանքը, թէ ինքնաշարժը արագ վարելէ ետք փորձած է յատուկ վերաբերմունքի արժանանալ, ինչ որ ընդդիմութիւնը մղեց Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիչի Սունաքէն պահանջել, որ հարցին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկէ:
Բրիտանական «Տը Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ նախարարը ինքնաշարժը վարելու արագութեան շեմը անցնելուն համար տուգանքի ենթարկուած է, ապա իր խորհրդականներէն պահանջած է իրեն համար երթեւեկի կանոններու սեփական դասընթացք մը կազմակերպել` շարք մը այլ վարորդներու հետ այդպիսի դասընթացքի մը հետեւելէ եւ ինքնաշարժ վարելու իր արտօնագիրէն երեք կէտ կորսնցնելէ խուսափելու համար:
Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիչի Սունաք Ճափոնի մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին այս հարցին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով յայտնեց, որ դէպքին բոլոր մանրամասնութիւններէն տեղեակ չէ:
«Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անոր բանբերը ըսած է. «Կ՛իմանամ, որ ան ցաւ յայտնած է չափազանց արագութեան համար, ընդունած է պատիժը եւ վճարած տուգանքը»: Ան աւելցուցած է, որ նախարարը «անշուշտ» վարչապետին վստահութիւնը կը վայելէ:
Ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը հետաքննութիւն կը պահանջէ` յայտնելով, որ նախարարը խախտած է նախարարական կանոնի օրէնքը, ինչ որ կրնայ անոր կառավարութենէն հեռանալուն յանգեցնել:
Ներքին գործոց նախարարի բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պատասխանեց. «Պրավըրման ընդունեց, որ անցեալ ամրան ինքնաշարժը չափազանց արագ քշած է, զղջացած ատոր համար եւ ընտրած իր ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրէն երեք կէտ կորսնցնել ու անցեալ տարի վճարած է տուգանքը»:
Նշենք, որ Սուելա Պրավըրման 19 հոկտեմբեր 2022-ին հրաժարած էր Լիզ Թրասի կառավարութենէն` խոստովանելէ ետք, որ ե-նամակի իր անձնական հասցէն օգտագործած է պետական փաստաթուղթեր յղելու համար: Ան նաեւ ծանօթ է անվտանգութեան ու գաղթի հարցերով իր վիճայzարոյց կարծր հռետորաբանութեամբ: