Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Ճէյմզ Օ՛Պրայընը Առաջադրած Է Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերով Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալի Պաշտօնին

May 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը համակարգող Ճէյմս Օ՛Պրայընը առաջադրած է արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը կը նշէ, թէ դեսպան Օ՛Պրայընը ղեկավարած է պատժամիջոցներու յաջողած լայնածաւալ ծրագիրը:

Ան իբրեւ խորհրդական մասնակցած է Եւրոպայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններուն, ներգրաւուած է գիտական եւ բնապահպանական բնագաւառներու մէջ համաձայնութիւններու գոյացման, մասնակցած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ յետխորհրդային փոփոխութիւններու իրագործման, պատերազմի յանցագործութիւններու հետաքննութիւններուն եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու հոլովոյթներուն:

2015-2017 թուականներուն Պարաք Օպամայի նախագահութեան օրերուն Օ՛Պրայըն անոր յատուկ պատուիրակն էր արտերկրի մէջ ամերիկացի պատանդները ազատելու բանակցութիւններուն մէջ:

1989-2001 թուականներուն աշխատած է իբրեւ արտաքին գործոց նախարար Մատլեն Օլպրայթի աւագ խորհրդական, ապա արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորման բաժինի պետի տեղակալ եւ Պալքաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց: Սորված է ռուսերէն եւ ֆրանսերէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնը մինչեւ այս տարուան 31 մարտը կը վարէր Քերըն Տանֆրիտը, որ 2022 թուականի ամրան այցելած էր Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան:

 

Նախորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակին Հրաւէրով Տագնապը Դիմագրաւելու Հանդիպում

Յաջորդը

Վրաստանի Նախագահը Պոյքոթի Կ՛ենթարկէ «Ճորճիըն Էրուէյզ»-ը, Ընկերութիւնը Կ՛արգիլէ Անոր Օդանաւ Բարձրանալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.