Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ուաշինկթըն Կը Ձգտի Քաղաքական Ու Դիւանագիտական Միջոցներով Լուծել Ուքրանիոյ Մէջ Ստեղծուած Ճգնաժամը»

May 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծել քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ հաւաքական Արեւմուտքի` Քիեւին զէնք եւ սպառազինութիւն մատակարարելու մտադրութիւնը: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Գործընկեր երկիրներու հետ մենք կրկնեցինք, որ անհրաժեշտ է արդար աշխարհ մը, որ կը յարգէ Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնական սկզբունքները», ըսած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ղեկավարը` երէկ Հիրոշիմայի մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Սպիտակ տան կայքին վրայ երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պայտըն յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան նոր թղթածրարի չափը պիտի կազմէ 375 միլիոն տոլար, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ուքրանացի զինուորներու ուսուցումը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի արդիւնքները, յայտնեց, որ «Եօթներու խմբակ»-ը տառացիօրէն «մտասեւեռուած է» Ռուսիոյ հետ համապարփակ առճակատման վրայ: «Միացեալ Նահանգներու ջանքերով անիկա ստանձնած է մեր երկրին դէմ պատժամիջոցներու եւ խառնածին պատերազմի այլ տարրերու ծրագրաւորման սպայակոյտի գործառոյթները, ներառեալ` Քիեւի վարչակարգին արեւմտեան զինուորական մատակարարումներու ծաւալներու եւ ժամկէտներու որոշումը: Այսօր այդ է միաւորման գոյութեան իմաստը», ըսաւ նախարարութիւնը:

Նախորդը

Սուտանի Մէջ Յարձակած Են Քաթարի Դեսպանատան Վրայ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Քաղաքացիները Արտերկրի Մէջ Կը Քուէարկեն Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլի Ընթացքին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.