Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վակներ» Կը Յայտարարէ, Թէ Գրաւած Է Պախմութը, Զելենսքի Կը Հաստատէ, Ապա Կը Հերքէ

Մայիս 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ամիսներ շարունակուած արիւնալի մարտերէ ետք ամբողջութեամբ գրաւած է Պախմութը:

Վարձկաններու ղեկավար Եւկենի Փրոկոժին շաբաթ օր յայտարարեց, որ իր ուժերը հինգ օրէն` յաջորդ շաբաթ, դուրս պիտի գան քաղաքէն հանգստանալու եւ զայն յանձնելու ռուսական կանոնաւոր բանակին:

Քիեւ, սակայն, կը հերքէ լուրերը, թէ կորսնցուցած է քաղաքը: Ուքրանական բանակի բանբերը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ ատիկա սուտ է, «մեր ստորաբաժանումները Պախմութի մէջ կը կռուին»:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Հաննա Մայլար իր կարգին պնդած է. «Կատաղի մարտեր են, կացութիւնը ծայրայեղ վատ է»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ Հիրոշիմայի մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի ժողովի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիան կը վերահսկէ՞ քաղաքը, պատասխանեց. «Կը կարծեմ` ոչ: Դուք պէտք է հասկնաք, որ ոչինչ կայ: Անոնք ամէն ինչ աւերած են: Հիմա Պախմութը միայն մեր սրտերուն մէջ է»: Սակայն աւելի ուշ անոր բանբեր Սերխի Նիքիֆորով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումի ընթացքին Զելենսքիի յայտարարութիւնը սխալ մեկնաբանուած է: Ըստ անոր, Զելենսքին իրականութեան մէջ չէ ըսած, որ Ռուսիան կը վերահսկէ Պախմութը, այլ հակառակը պնդած է: Նիքիֆորովի համաձայն, անոր պատասխանը կը վերաբերէր լրագրողի` «Ռուսիան կը յայտարարէ, որ գրաւած է Պախմութը» ակնարկին: «Այսպիսով, նախագահը հերքած է Պախմութի գրաւումը», Դիմատետրի վրայ գրեց Նիքիֆորով:

Զելենսքի աւելի ուշ պարզաբանեց իր խօսքը` ըսելով. «Մենք կը դիմանանք եւ կը կռուինք մեր մարտիկներու քաջութեան եւ մեր միտքին շնորհիւ: Մենք չենք ձգեր, որ մարդիկ մեռնին, մեզի համար մարդիկ գանձ են, ասիկա ամէնէն կարեւորն է, որ ունինք: Թիւրըմբռնումներ չկան: Ես յստակ կը հասկնամ, թէ Պախմութի մէջ ի՛նչ կը կատարուի, եւ բոլորս յստակ կը հասկնանք, թէ այդ ամէնը ինչո՛ւ կը կատարուի: Ես չեմ կրնար ձեզի փոխանցել մեր զինուորականներուն մարտավարական հայեացքները… սակայն մենք կը հասկնանք քիչ մը աւելին եւ մենք պիտի յաղթենք: Այսօր զինուորականները շատ կարեւոր առաջադրանքներ կը կատարեն, Պախմութի մէջ են, թէ ի՛նչ կէտերու վրայ, պիտի չըսեմ, սակայն ասիկա կը խօսի այն մասին, որ Պախմութը այսօր Ռուսիոյ կողմէ չէ գրաւուած: Ասոր վերաբերեալ երկու կամ երեք մեկնաբանութիւն չի կրնար ըլլալ», ըսաւ Զելենսքի:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութիւնն ու ռուսական բանակը արեւելեան ուքրանական Պախմութ քաղաքի «ազատագրման» համար:

Փութին Քրեմլինի կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ 15-ամսեայ պատերազմի ամէնէն երկար եւ արիւնալի ճակատամարտը աւարտած է Ռուսիոյ յաղթանակով, եւ որ բոլոր անոնք, որոնք յաջողութիւն արձանագրած են, պիտի պարգեւատրուին:

Նախորդը

Թուրքիոյ Քաղաքացիները Արտերկրի Մէջ Կը Քուէարկեն Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլի Ընթացքին

Յաջորդը

Սպասելով Ժետտայի Վեհաժողովի Որոշումներու Արդիւնաւորման` Լիբանանցի Վարիչներ Կը Փութան Կարգաւորել Երկրի Կնճռոտ Հարցերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?