Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ դիրքը գրաւած Սինան Օղան իր աջակցութիւնը յայտնած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` իր աջակիցներուն կոչ ուղղելով երկրորդ փուլին իրենց քուէն տալու գործող նախագահին:
Արմատներով ազրպէյճանցի ծայրայեղ ազգայնական հայեացքներով ծանօթ Սինան Օղան 14 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութեան ստացած էր քուէներու 5,2 առ հարիւրը:
Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Մենք երկու թեկնածուներուն հետ ալ հանդիպումներ ունեցած ենք, կ՛ուզենք ընդգծել, որ որոշումը չէ կայացած որեւէ գործարքի ծիրին մէջ:
«Ընդդիմութեան ժողովրդական դաշինքը չկրցաւ համոզել մեզ: Ես կոչ կ՛ուղղեմ անոնց, որոնք 14 մայիսի առաջին փուլին ինծի քուէարկած են, 28 մայիսին իրենց քուէն տալու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին»:
Ան իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Թուրքիայէն քանի մը միլիոն անօրինական գաղթականներու վտարումն ու վտարման ժամանակացոյցի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ նշած է ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն դէմ պայքարի շարունակութիւնը:
Երկուշաբթի ԱԹԱ դաշինքին մաս կազմող «Զաֆեր» կուսակցութիւնը յայտարարած էր, որ դաշինքը փաստացի դադրած է գոյութիւն ունենալէ ընտրութիւններէն ետք, եւ անոր կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը այժմ անջատ կը ներկայանայ: Մասնաւորաբար կը սպասուի, որ «Զաֆեր» կուսակցութեան ղեկավար Ումիթ Էօզտաղ յայտարարէ, թէ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին նախագահի թեկնածուներէն որո՛ւն կ՛աջակցի:
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին, կը պայքարին Էրտողանը եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար, ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու:


