Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ռուսական քարիւղի զտարաններուն վրայ Ուքրանիոյ յարձակումներուն վերականգնումը որակեց «ամօթալի»:
Ան այս մասին յայտնեց «Նիուզմաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ յարձակումները ուժանիւթի համաշխարհային գիներու բարձրացման կը նպաստեն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքին քննադատեց եւ նշեց, որ ան պատերազմին վերջ տուող կարգաւորման հասնելու նուազ պատրաստ է, քան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
«Այս պատերազմը պէտք է շուտով աւարտի: Կը կարծեմ, որ անոնք երկուքն ալ կ՛ուզեն զայն աւարտել», ըսաւ ան:
«Զելենսքին մեզի համար գործ ունենալու առումով լաւ մարդ մը չէ: Եթէ որոշ կարգաւորում մը պիտի ձեւաւորեն, ատիկա իրեն իր հետ պիտի չընեն: Ան կարգաւորում չ՛ուզեր», յայտնեց Թրամփ:
Պատասխանելով «Նեթանիահուին կը վստահի՞ս» հարցումին` Թրամփ պատասխանեց. «Ես ոչ ոքի կը վստահիմ»:
Աղբիւրներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններու նախօրեակին մազութի գիներու բարձրացման վերջ տալու համար իբրեւ ռուսական «ստուերի նաւատորմիղ» ծանօթ քարիւղատար նաւերուն դէմ հաստատուած սահմանափակումներու մեղմացումը կը սերտեն:


