Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մազութի մատակարարման պայմանագիրներու ստորագրման հոլովոյթը կը գտնուի աւարտական փուլին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք:
«Եւ ինչպէս որ երկու ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններն էին, մենք Միացեալ Նահանգներու ունեցած կարիքները, մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ, ամբողջութեամբ պիտի բաւարարենք: Ստորագրման հոլովոյթը կը գտնուի աւարտական փուլին», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն ու համաշխարհային շուկաներուն մատակարարել 300.000 թոն մազութ, նոյեմբերին` 500.000 թոն, իսկ աւելի ուշ` 1 միլիոն թոն:
«Արապիա»-ի համաձայն, մազութով բեռնաւորուած առաջին նաւը այսօր Ռուսիայէն դէպի Միացեալ Նահանգներ պիտի նաւարկէ:


