Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Համասի եւ Հըզպալլայի կարողութիւններու ոչնչացնել եւ անոնց ուժերու վերականգնումը արգիլել»:
«Պատրաստ ենք Իրանին կանխարգելիչ հարուած հասցնելու, նոյնիսկ առանց ամերիկեան օգնութեան, եւ պէտք է թշնամիին արգիլել առաջին հարուածը հասցնել: Մեր նպատակն է վերացնել իրանեան սպառնալիքը եւ տապալել Թեհրանի մէջ վարչակարգը», ըսաւ ան:
Նեթանիահու նաեւ յայտարարեց. «Այսրյորդանանի եւ Իսրայէլի մէջ ահաբեկչութեան կեդրոններ արմատախիլ ընելու լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններու անցում պիտի կատարենք, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանինք Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Կազայի հետ մեր սահմաններուն վրայ արգելակիչ գօտիներու եւ ապահովական անցարգելներու ստեղծման»:


