Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փութին Պիտի Յաղթէ, Եթէ Միայն Իսրայէլի Ֆինանսաւորումը Հաստատուի, Եւ Ոչ Նաեւ Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Պլինքըն Եւ Օսթին

Նոյեմբեր 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները փորձած են համոզել ծերակուտականները, որ եթէ օրէնսդիրները հաստատեն միայն Իսրայէլի ֆինանսաւորումը, եւ ոչ նաեւ Ուքրանիոյ, ապա Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի յաղթէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ն ու «Տը Կարտիըն»-ը:

Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի լսումներու ժամանակ խօսք արտասանելով` արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին ծերակուտականները յորդորած են ընդառաջել Իսրայէլի, Ուքրանիոյ եւ Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան շրջանին համար Պայտընի վարչակազմի` լրացուցիչ 106 միլիառ տոլար յատկացնելու խնդրանքին:

Թէեւ երկու կուսակցութիւններու անդամ բազմաթիւ օրէնսդիրներ կ՛աջակցին միացեալ թղթածրարին, Ներկայացուցիչներու տան հանրապետականները թերահաւատօրէն կը վերաբերին Ուքրանիոյ լրացուցիչ օգնութեան, եւ սպառնացած են ձախողութեան մատնել ծրագիրը: Իսկ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն (հանրապետական` Լուիզիանայէն) յառաջ կը մղէ միայն Իսրայէլի համար նախատեսուած թղթածրարը, որ նաեւ պիտի նուազեցնէ Ներքին եկամուտներու ծառայութեան միլիառաւոր տոլարներու հասնող ֆինանսաւորումը:

Օսթին եւ Պլինքըն նախազգուշացուցած են, որ առանց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ուքրանիոյ հետագայ ֆինանսաւորման, ռուսական ուժերը, անշուշտ, պիտի կոտրեն Քիեւը, ինչ որ աւելի լայն հետեւանքներ պիտի ունենայ աշխարհի համար:

«Դժուար է ժամանակացոյց սահմանել, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի պահանջուի», ըսած է Օսթին` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի պահանջուի Ռուսիոյ յաղթանակը տօնելու համար, եթէ Միացեալ Նահանգներ չկարենան աւելի շատ օգնութիւն տրամադրել Քիեւին: «Ես կրնամ երաշխաւորել, որ առանց մեր աջակցութեան, Փութին յաջողութեան պիտի հասնի…Եթէ մենք հիմա (Ուքրանիոյ) տակէն գորգը հանենք, Փութին միայն պիտի ուժեղանայ»:

«Ես կասկած չունիմ, որ եթէ Փութինին թոյլ տան շարունակել գործել անպատիժ, ան ոչ միայն կանգ պիտի չառնէ Ուքրանիոյ մէջ, այլ նաեւ կարողականօրէն պիտի չերթայ ՕԹԱՆ-ի յաջորդ երկիր…Ատիկա պատգամ պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի վրայ հաւանական յարձակողին, որ «եթէ Ռուսիան ատիկա մարսէ, մենք ալ կրնանք մարսել», եւ այդ պարագային մենք, հաւանաբար, պիտի ունենանք տագնապներով լեցուն աշխարհ», ըսած է Պլինքըն:

Լսումները տեղի կ՛ունենան այն պահուն, երբ Ծերակոյտը եւ Ներկայացուցիչներու պալատը կը մօտենան Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութեան շուրջ բախման, եւ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետականները կ՛ուզեն համաձայնութեան հասնիլ Իսրայէլին 14,3 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օգնութեան առանձին թղթածրարի շուրջ:

Հանրապետականներու օրինագիծը պաշտպանուած է ծայրայեղ աջ խմբակցութեան մեծ մասին կողմէ, որ անցեալ շաբաթ օգնեց Ճոնսընին ընտրուիլ ներկայացուցիչներու տան նախագահ: Ֆլորիտայէն քոնկրեսական Մեթ Կէյց` Ճոնսընի ամէնէն ջերմ կողմնակիցներէն մէկը, նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր. «Իսրայէլը մեր հաւատքին հետ 4000-ամեայ կապ ունեցող երկիր է: Ուքրանիան նախկին խորհրդային պետութիւն է: Անոնք նոյն բանը չեն եւ պէտք է անջատաբար դիտարկուին»:

Այս քայլը, սակայն, արժանացած է դեմոկրատականներու համաձայնեցուած յարձակումին, ինչպէս նաեւ նոր նախագահը հակասութեան մէջ դրած իր հանրապետական խմբակցութեան բազմաթիւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի ղեկավար Միչ Մաքքոնելի հետ, որ պաշտպանած է Պայտընի օգնութեան ծրագիրը, որ կը ներառէ 61 միլիառ տոլար Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան ֆինանսաւորումը Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ եւ 14 միլիառ տոլար` հարաւային սահմանի ամրապնդման համար:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայերն, Լայփցիկ, Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Արսենալ Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Զաալուժնի. «Դիրքային Պատերազմը Հսկայական Վտանգներ Կը Պարունակէ Ուքրանիոյ Զինեալ Ուժերուն Ու Պետութեան Համար»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?