Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Պիտի Այցելէ Վաղը Թուրքիա՞

November 3, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ 1 նոյեմբերին դիւանագիտական աղբիւրները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 5 նոյեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա, սակայն նախքան Անգարա մեկնիլը պիտի այցելէ Յորդանան, որուն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով վատթարացած են Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն օրը հաղորդեց, որ Պլինքըն 2-10 նոյեմբերին պիտի այցելէ Իսրայէլ, Յորդանան, Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Հնդկաստան:

Նախարարութեան հաղորդագրութենէն կ՛երեւի, որ Պլինքըն մտադիր է Թել Աւիւի մէջ յայտարարել ահաբեկչութենէն ինքնապաշտպանութեան Իսրայէլի իրաւունքին Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկել Ուաշինկթընի ջանքերը` ապահովելու ամերիկացի քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, պատանդները ազատելը եւ Կազա մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը մեծցնելը:

Յորդանանի մէջ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը կը նախատեսէ քննարկել Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնն ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները:

Պլինքըն Թոքիոյի մէջ պիտի մասնակցի «Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտայի եւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Եոքօ Քամիքաւայի հետ:

Ան Սէուլի մէջ պիտի հանդիպի Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սէոկ Եոլի եւ արտաքին գործոց նախարար Փաք Չինի հետ, որմէ ետք պիտի մեկնի Նիւ Տելհի, ուր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ հնդիկ գործընկերներու հետ «2+2» ձեւաչափով պիտի քննարկէ Հնդկաց-խաղաղական ովկիանոսեան շրջանին մէջ կացութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութենէն կը բացակայի Թուրքիա այցելութեան մասին տեղեկութիւնը:

Նշենք, որ Պլինքըն արդէն նախապէս 12 հոկտեմբերին այցելած էր Իսրայէլ, ապա Սէուտական Արաբիա, Յորդանան, Քաթար, Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս, իսկ 18 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն միօրեայ արտակարգ այցելութիւն տուած էր Իսրայէլ:

Յորդանանի մէջ վերջինիս Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին, Յորդանանի թագաւորին եւ Եգիպտոսի նախագահին հետ քառակողմ վեհաժողովը եւ ընդհանրապէս Յորդանան այցելութիւնը ջնջուած էր: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մերժած էր Պայտընի հետ տեսնուիլ:

 

Նախորդը

Զաալուժնի. «Դիրքային Պատերազմը Հսկայական Վտանգներ Կը Պարունակէ Ուքրանիոյ Զինեալ Ուժերուն Ու Պետութեան Համար»

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Էրտողան Ընդունեց Իսլամական Պետութիւններու Ղեկավարներու Ժողով Գումարելու Ռայիսիի Գաղափարը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.