Սալման Թագաւոր. «Մեքքայի Վեհաժողովը Պիտի Նպաստէ Գործակցութեան Ամրապնդման Եւ Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Ջանքերու Շարունակման»
Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը սէուտական նախարարական խորհուրդի նիստը նախագահելուն ընթացքին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ իշխանին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ Փաքիստանի վարչապետ Մոհամետ Շահպազ Շարիֆին` «իրենց օրհնեալ եւ յաջող ջանքերուն համար Մեքքայի մէջ միացեալ պաշտպանութեան վեհաժողովին, որ հաստատեց երեք երկիրներուն միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական...




















