Ազրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ նեղ ու դժուար օրերուն կողք-կողքի կանգնած են: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին Ազրպէյճանին ուղղած խօսքերուն համար:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազրպէյճանի մասին ձեր բարի եւ անկեղծ խօսքերու համար: Ազրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ նեղ ու դժուար օրերուն կողք-կողքի կանգնած են: Մեր շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Ազրպէյճան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ կանգնած է իր եղբայր իրանցի ժողովուրդի կողքին», գրած է Ալիեւ:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նախքան այդ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճան զգալի օգնութիւն ցուցաբերած է Իրանին` բաց պահելով մատակարարման կարեւոր ուղիները եւ նպաստելով Ռուսիայէն օգնութեան տարանցման:


