Միջազգային

Կազայի Վերաբերեալ Թրքական, Փաքիստանեան,  Յորդանանեան, Քաթարեան, Էմիրաթական, Սէուտական,  Եգիպտական Եւ Ինտոնեզիական  Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Կազայի Վերաբերեալ Թրքական, Փաքիստանեան, Յորդանանեան, Քաթարեան, Էմիրաթական, Սէուտական, Եգիպտական Եւ Ինտոնեզիական Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Քաթարը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն Կազայի համաձայնութիւնը` նշելով, որ Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները կ՛ականահարեն երկու պետութիւններու հիմամբ լուծումը: Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Իսրայէլին պարտադրէ յարգել իր յանձնառութիւնները եւ ոտնձգութիւններուն համար հաշուետուութեան ենթարկէ պատասխանատուները: Ութ երկիրները շեշտեցին, որ կը մերժեն պաղեստինեան հողերը կցելու...

Թրամփ. «Հորմուզի Նեղուցը  Կրնայ Այսօր Կամ Հինգշաբթի Օր Բացուիլ»

Թրամփ. «Հորմուզի Նեղուցը Կրնայ Այսօր Կամ Հինգշաբթի Օր Բացուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցը կրնայ այսօր կամ վաղը` հինգշաբթի օր բացուիլ»: Լաւատեղեակ աղբիւր մը, սակայն, Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցին շուրջ բանակցութիւնները բացառապէս Իրան-Օման բանակցութիւններ են, եւ Միացեալ Նահանգները անոնց հետ կապ չունին` շեշտելով, որ Հորմուզի նեղուցը Օմանի հետ համաձայնութեան գոյացման պարագային պիտի չբացուի, եթէ ամերիկեան խախտումները շարունակուին` աւելցնելով, որ նեղուցի բացումը պայմանաւորուած...

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Մեզի Ուղարկեցին  Կազայի Վերաբերեալ Նախագիծ Մը,  Որուն Հաւանութիւն Չտուինք  Եւ Մեր Նկատումները Ուղարկեցինք»

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Մեզի Ուղարկեցին Կազայի Վերաբերեալ Նախագիծ Մը, Որուն Հաւանութիւն Չտուինք Եւ Մեր Նկատումները Ուղարկեցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Վճռականօրէն տրամադրուած եմ մեր անվտանգութեան շահերը իրագործելու: Կազայի մէջ գիծերէն պիտի չհեռանանք, մինչեւ որ Համասը ամբողջովին զինաթափուի»: «Բանակին ցուցմունք կու տանք իրենք զիրենք, մեր քաղաքացիներն ու հողերը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ ամէն բան ընելու: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր խումբը կը կարծեն, թէ Համասը կարելի է զինաթափել եւ Կազան ապազինեալ դարձնել, եւ մենք այդ...

Ըստ Փաքիստանեան Աղբիւրներու.  Փաքիստանի Վարչապետն ու Բանակի  Հրամանատարը Այսօր Սէուտական Արաբիա Կ՛այցելեն

Ըստ Փաքիստանեան Աղբիւրներու. Փաքիստանի Վարչապետն ու Բանակի Հրամանատարը Այսօր Սէուտական Արաբիա Կ՛այցելեն

Փաքիստանեան աղբիւրներ երէկ սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ եւ բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիր վաղը Սէուտական Արաբիա կ՛այցելեն: Նշենք, որ Փաքիստան Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ միջնորդութիւն կը կատարէ: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին համաձայն, երկու կողմերուն միջեւ միջնորդական վերջին ջանքերուն կը մասնակցին քաթարցի, փաքիստանցի եւ սէուտցի պաշտօնատարներ:  

Թրամփ. «Համաձայնութեան Կնքման Համար  Վերջնական Թուական Չկայ»

Թրամփ. «Համաձայնութեան Կնքման Համար Վերջնական Թուական Չկայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները կը սկսին երկուշաբթի կէսօրին (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ժամանակացոյցով, «Ա.»), առանց համաձայնութեան կնքման համար վերջնական թուական ներկայացնելու: Թրամփ նաեւ չյայտնեց, թէ Իրանի հետ բանակցութիւնները ո՛ւր տեղի պիտի ունենան, եւ թէ անոնց որո՛նք պիտի մասնակցին: Միւս կողմէ, Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, թէ Ծոցի շրջանի ղեկավարներուն տեսակէտները մեծապէս ազդած են Իրանի նկատմամբ նոր...

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն Համասի  Ապազինման Ծրագիրին Վերաբերեալ  Մտահոգութիւն Յայտնած Է

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն Համասի Ապազինման Ծրագիրին Վերաբերեալ Մտահոգութիւն Յայտնած Է

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլ պաղեստինեան Համաս շարժումի ապազինման ծրագիրին վերաբերեալ մտահոգութիւն փոխանցած է Միացեալ Նահանգներուն: Պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Իսրայէլ Կազայի համաձայնութեան գործադրութեան համար պայման կը դնէ Համասի ամբողջական զինաթափումն ու անոր զէնքերը արեւմտեան եւ ոչ պաղեստինեան կողմի մը յանձնումը»:

Պըն Ֆարհան-Արաղչի Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Պըն Ֆարհան-Արաղչի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին: Այս մասին հաղորդեց Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են ներկայ կացութեան լոյսին տակ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ մագլցումը մեղմացնելու դիւանագիտական ջանքերը: Սէուտական դիւանագիտութեան պետ Պըն Ֆարհան իշխանը ընդգծած է «թագաւորութեան նախանձախնդրութիւնը` շարունակելու իր...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Գործարքի Ընդհանուր  Գիծերուն Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք,  Իրանի Վրայ Յարձակումը Առկախուեցաւ»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Գործարքի Ընդհանուր Գիծերուն Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելէ Ետք, Իրանի Վրայ Յարձակումը Առկախուեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ համաձայն գտնուած է Իրանի դէմ որոշուած յարձակումը առկախելու` նշելով, որ այդ որոշումը տուած է հաւանական գործարքի մը ընդհանուր գիծերուն շուրջ համաձայնութենէն ետք, Իրանի եւ միջինարեւելեան այլ պետութիւններու կողմէ որեւէ յարձակում դադրեցնելու խնդրանքէն ետք: Թրամփ նշեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ներառէ «Հորմուզի նեղուցի անմիջական, ամբողջական ու կատարեալ վերաբացումը` իրանեան հիւլէական սպառնալիքին վերջ տալէն ետք»: Ան...

Իսրայէլ Վերսկսած Է Կազայի Վրայ  Յարձակումբները

Իսրայէլ Վերսկսած Է Կազայի Վրայ Յարձակումբները

Իսրայէլ երկրորդ օրն ըլլալով հրթիռակոծեց Կազան, զոհուեցան 14 պաղեստինցիներ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարուածները թիրախաւորած են Համասի մասնայատուկ «Նուխպա» ուժերու երկու հրամանատարներ: Պաղեստինեան իշխանութիւններուն համաձայն, այդ յարձակումներուն պատճառով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են: Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ, որ արդէն Կազայի 70 առ հարիւրին կը վերահսկէ, պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն հաստատէ տարածքին վրայ: Քոհեն անդամ է Նեթանիահուի...

Քոհեն. «Իրանը Զսպուեցաւ. Անիկա Շրջանի  Բոլոր Պետութիւններուն Վրայ  Յարձակում Գործեց` Բացի Իսրայէլէն»

Քոհեն. «Իրանը Զսպուեցաւ. Անիկա Շրջանի Բոլոր Պետութիւններուն Վրայ Յարձակում Գործեց` Բացի Իսրայէլէն»

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ Իրանը «զսպուած է»` նշելով, որ անիկա շրջանին մէջ բոլոր պետութիւններուն վրայ յարձակում գործեց` բացի Իսրայէլէն, եւ կը խուսափի Իսրայէլի դէմ զինուորական քայլեր առնելէ` իսրայէլեան զսպումի կարողութեան եւ պատասխանելու սպառնալիքին պատճառով: Քոհեն աւելցուց, որ Իսրայէլ իր անվտանգութիւնը կը նկատէ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը, եւ պատրաստ է ի պահանջել հարկին գործելու, նոյնիսկ առանց Միացեալ Նահանգներու հետ...

Անգլերէնը Նոր Զելանտայի Երրորդ  Պաշտօնական Լեզուն Պիտի Դառնայ

Անգլերէնը Նոր Զելանտայի Երրորդ Պաշտօնական Լեզուն Պիտի Դառնայ

Թէ Ռէօ Մաորիէն եւ մատնախօսութենէն ետք անգլերէնը պիտի դառնայ Նոր Զելանտայի երրորդ պաշտօնական լեզուն: Երկրի խորհրդարանը երրորդ եւ վերջին ընթերցումով վաւերացուցած է անգլերէն լեզուի օրինագիծը: Արդարութեան նախարար Փոլ Կոլտսմիթի անունը կրող օրինագիծը միայն երկու էջերէ կը բաղկանայ եւ կը նշէ, թէ անգլերէնը «Նոր Զելանտայի մէջ շատոնց տէ ֆաքթօ պաշտօնական լեզու եղած է եւ լայնօրէն օգտագործուած եւ ընդունուած իբրեւ պաշտօնական լեզու,...

«Պրազիլի Տարածքին Միացեալ Նահանգներու  Կողմէ Զինուորական Ուժ Կիրարկելու  Հաւանականութիւն Յառաջացած Է»  Կ՛ըսէ Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Պրազիլի Տարածքին Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Զինուորական Ուժ Կիրարկելու Հաւանականութիւն Յառաջացած Է» Կ՛ըսէ Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պրազիլի տարածքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական ուժ կիրարկելու հաւանականութիւն յառաջացած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրա: Ըստ «Սի.Էն.Էն. Պրազիլ»-ի, նախարարը Պրազիլի Քոնկրեսի Պատգամաւորներու տան մէջ լսումներու ժամանակ ազգային անվտանգութեան սպառնալիքներու մասին հարցումին պատասխանած է հետեւեալ ձեւով. «Ամերիկեան իշխանութիւններու որոշումը լուրջ վտանգներ կը պարունակէ Պրազիլի քաղաքացիներուն համար ելեւմտական եւ գաղթականական...

Քալլաս. «Ռուս Պաշտօնակիցներու Իրենց Հետ  Հանդիպումէն Ետք Ամերիկացի Պաշտօնատարներու  Վարմունքը Փոխուեցաւ»

Քալլաս. «Ես Իրանին Դարձեալ Կոչ Ուղղեցի` Դադրեցնելու Իր Զինուորական Աջակցութիւնը Ռուսիոյ»

«Ես Իրանին դարձեալ կոչ ուղղեցի` դադրեցնելու իր զինուորական աջակցութիւնը Ռուսիոյ»: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: «Այսօր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչիի հետ Ծոցի մէջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին շուրջ, որ Մոսկուան վերջին օրերուն ա՛լ աւելի սաստկացուցած է: «Ծոցի մէջ մարտական գործողութիւններու...

Թրամփ. «Խաղաղութեան Խորհուրդը  Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուց»

Թրամփ. «Խաղաղութեան Խորհուրդը Պատմական Համաձայնութիւն Գոյացուց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Խաղաղութեան խորհուրդը գոյացուցած է պատմական համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Կազայի մէջ Համաս շարժումն ու մնացեալ զինեալ խմբաւորումները ամբողջովին կը զինաթափուին: Թրամփ համաձայնութիւնը որակեց «տեւական խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման առաջնորդող հսկայական ձեռքբերում մը»: «Համաձայնութիւնը վճռական քայլ է դէպի Կազայի վերջապէս կառավարումը պաղեստինեան նոր կառավարութեամբ մը, որ Խաղաղութեան խորհուրդին հետ սերտ կերպով պիտի աշխատի պաղեստինցի...

24 Ժամուան Ընթացքին 49 Հազար Ապօրինի  Գաղթականներ Մարոքէն Սպանիա Մուտք Գործած Են

24 Ժամուան Ընթացքին 49 Հազար Ապօրինի Գաղթականներ Մարոքէն Սպանիա Մուտք Գործած Են

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 24 ժամուան ընթացքին Մարոքէն 49 հազար ապօրինի գաղթականներ մուտք գործած են հարաւային Սպանիոյ Սապթա շրջան: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին սպանական ոստիկանութենէն աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդեց, թէ հինգշաբթիէն ուրբաթ գիշեր հազարաւոր գաղթականներ Մարոքի եւ Սապթայի միջեւ սահմանը անցած են: «Իրողական թիւը հաշուել կարելի չեղաւ», նշած է աղբիւրը: Ֆրանսայի...

Իրան Քուէյթի Մէջ  Ռազմակայան Մը Հարուածեց

Իրան Քուէյթի Մէջ Ռազմակայան Մը Հարուածեց

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իրանի բանակի անօդաչու թռչող սարքերը հարուածներ հասցուցած են Քուէյթի «Ահմետ Ժապեր» ռազմակայանին մէջ տեղակայուած հալածիչներու օդակայանին, արբանեակային կապի համակարգերուն եւ սարքերու պահեստներուն»: Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Քուէյթ գտնուող օդուժի ռազմակայանը կարեւոր դեր կը խաղայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրականացուող օդային հետախուզութեան եւ աջակցութեան գործողութիւններուն մէջ եւ կը հանդիսանայ ամերիկեան բանակին համար օդային աջակցութեան ապահովման...

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն,  Անոր Կուսակցութիւնը Կը Լուծարուի

Տաւութօղլու Կը Հեռանայ Քաղաքականութենէն, Անոր Կուսակցութիւնը Կը Լուծարուի

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, թէ դուրս կու գայ գործօն քաղաքականութենէն եւ կը լուծարէ իր ընդդիմադիր Ապագայի կուսակցութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երբեմնի մտերիմ դաշնակիցը պնդած է, թէ այլեւս չ՛ուզեր Թուրքիոյ «աղտոտուած քաղաքական մթնոլորտին» մաս կազմել: «Էքս»-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Տաւութօղլու վկայակոչած է փտածութեան մեղադրանքներով ընդդիմադիր քաղաքապետներու բանտարկութիւնը, անոնց փոխարէն պետական կառավարիչներու նշանակումը` պնդելով, որ ատիկա...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը  Վենսին. «Թագաւորութիւնը Իրանի Հետ  Մագլցումի Մեղմացման Կը Զօրակցի»

Փաքիստան. «Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի Հետ Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Կացութեան Եւ Մագլցումի Մեղմացման Շուրջ Քննարկումը Կը Շարունակուի»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անտրապի յայտնեց, որ իր երկիրը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները վերականգնելու համար: Ան նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ կացութեան եւ մագլցումի մեղմացման շուրջ քննարկումը տակաւին կը շարունակուի: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ Փաքիստան երկու կողմերը կը քաջալերէ ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ փոխըմբռնման յուշագիրի գործադրման...

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Իրանի  Վերաբերեալ Տարատեսակ Ընտրանքներ Քննարկեցի»

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Իրանի Վերաբերեալ Տարատեսակ Ընտրանքներ Քննարկեցի»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հերքեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումի ընթացքին փորձած է Թրամփը համոզել Իրանի վրայ յարձակումները վերսկսելու: Նեթանիահու ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկած է Իրանի վերաբերեալ տարատեսակ ընտրանքներ, որոնց շարքին աւելի ընդարձակ համաձայնութեան գոյացումը, ինչպէս նաեւ Հորմուզի նեղուցի շրջափակման շարունակումը կամ զինուորական քայլերու որդեգրումը` աւելցնելով. «Երեք...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը  Վենսին. «Թագաւորութիւնը Իրանի Հետ  Մագլցումի Մեղմացման Կը Զօրակցի»

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Վենսին. «Թագաւորութիւնը Իրանի Հետ Մագլցումի Մեղմացման Կը Զօրակցի»

Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարար Խալետ Պըն Սալման իշխանը չորեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի հետ եւ շեշտած, որ թագաւորութիւնը տակաւին Իրանի հետ մագլցումի մեղմացման կը զօրակցի, հակառակ Իրաքի մէջ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ ամերիկեան-սէուտական միացեալ հարուածին: Այս մասին լաւատեղեակ աղբիւր մը յայտնած է ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին:  

Page 16 of 881 1 … 15 16 17 … 881

Արխիւներ