Միջազգային

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Վերջնական  Համաձայնութեան Հասնելու 60-Օրեայ  Պայմանաժամը Վերջ Գտաւ

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Վերջնական Համաձայնութեան Հասնելու 60-Օրեայ Պայմանաժամը Վերջ Գտաւ

Երէկ վերջ գտաւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրին ճշդած 60-օրեայ պայմանաժամը: Այս ընթացքին, սակայն, կայուն հանդարտութիւն չտիրեց: Արդարեւ, յուշագիրի ստորագրութենէն ետք զինուորական գործողութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցան, ապա բախումներն ու փոխադարձ յարձակումները վերսկսան, նախքան ճակատումի սրութիւնը անգամ մը եւս նուազիլը: Մինչ այդ, դիւանագիտական քայլերը փոխադրուեցան Իրանի եւ Օմանի միջեւ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման նոր դասաւորումներու...

Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան  Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն,  Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է»

Թրամփ. «Մեքքայի Միացեալ Պաշտպանութեան Համաձայնութիւնը Նախնական Յանդուգն, Մեծ Եւ Կարեւոր Քայլ Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ ուրախ է, որ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան ու Փաքիստանը «Մեքքայի միացեալ պաշտպանութեան համաձայնութիւն»-ը ստորագրած են: Ան ըսաւ, թէ այս համաձայնութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ մերձեցման իրավիճակ մը կ՛արտացոլէ: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ցոյց տուաւ, թէ երկիրները ինչպէ՛ս կրնան իրենք զիրենք պաշտպանել: Թրամփ Մեքքայի համաձայնագիրը նկատեց Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ մէջ «նախնական յանդուգն,...

Նեթանիահու Իր Ընտրական Քարոզարշաւի  Ծիրին Մէջ Կը Հրապարակէ Շէյխ Քասեմի,  Խամենէիի, Էրտողանի Եւ Մամտանիի Լուսանկարը

Նեթանիահու Իր Ընտրական Քարոզարշաւի Ծիրին Մէջ Կը Հրապարակէ Շէյխ Քասեմի, Խամենէիի, Էրտողանի Եւ Մամտանիի Լուսանկարը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էքս»-ի վրայ հրապարակեց գրութիւն մը, ուր կ՛երեւի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մամտանիի լուսանկարը, որուն կցուած է «Մի՛ արտօներ, որ յաղթեն» գրութիւնը: Հրապարակուած պաստառը ընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ իբրեւ յայտարարութիւն հրապարակուած է իսրայէլեան Լիքուտ կուսակցութեան կողմէ: Իսրայէլի վարչապետի կուսակցութեան հրապարակած պաստառին...

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս վստահութիւն յայտնեց, որ ներկայ տագնապը Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը ամրապնդող եւ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը կանխարգիլող ձեւով պիտի աւարտի: Ան շեշտեց, որ Հորմուզի նեղուցին մէջ կայունութեան վերականգնումը պիտի նպաստէ ամերիկացիներուն համար քարիւղի եւ կազի գիներու կայունացման: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին կարծիքով, իրանցիներուն խնդիրը այն է, որ կու տան խոստումներ, զորս չեն յարգեր, համաձայնութիւններ կը կնքեն,...

Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Թուրքիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց լուսանկար մը` «Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի միջեւ Ալալամէյն քաղաքին մէջ եղբայրական հանդիպումին, որուն ընթացքին նախարարները քննարկեցին շրջանի կացութեան զարգացումները»: Ապտելաթի-Ֆիտան Հանդիպում Ապտելաթի Ալալամէյն քաղաքին մէջ ընդունեց Ֆիտանը: Անոնք նախագահեցին Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ միացեալ ծրագրաւորման խմբակի երկրորդ ժողովի...

Կլաս. «Միացեալ Նահանգներ Կը Ճանչնան  Քուրիլեան Կղզիներուն Վրայ Ճափոնի  Գերիշխանութիւնը»

Կլաս. «Միացեալ Նահանգներ Կը Ճանչնան Քուրիլեան Կղզիներուն Վրայ Ճափոնի Գերիշխանութիւնը»

Թոքիոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Կլաս յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան Ռուսիոյ հետ վիճելի Քուրիլեան կղզիներուն վրայ Ճափոնի գերիշխանութիւնը: «Միացեալ Նահանգները հաստատօրէն կը մնան մեր կարեւորագոյն դաշինքին աջակցութեան եւ Հիւսիսային հողերուն վրայ ճափոնական գերիշխանութեան ճանաչման վրայ», ըսաւ դեսպանը` Քուրիլեան կղզիներու ճափոնական անունը օգտագործելով: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի օր վիճելի տարածք այցելած էր` յառաջացնելով Ճափոնի բողոքը:...

Քուշներ. «Պատրաստ Եմ Զրուցելու Ապպասի Հետ,  Եւ Դարու Համաձայնութեան Մասին  Շուտով Պիտի Յայտարարուի»

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Քուշներ Մտադիր Է Յառաջիկայ Շաբաթ Իսրայէլ Այցելել

Լաւատեղեակ հինգ աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսան` ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշներ մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ Կազայի մէջ տիրող կացութեան շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար Իսրայէլ այցելել:  

Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը  Կը Յայտարարէ.  «Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Սապթա  Եւ Մալիլա Քաղաքներուն Վրայ Սպանիոյ  Գերիշխանութիւնը Քննարկումի Նիւթ Չէ»

Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Սապթա Եւ Մալիլա Քաղաքներուն Վրայ Սպանիոյ Գերիշխանութիւնը Քննարկումի Նիւթ Չէ»

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռուպլես յայտնեց, որ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Սապթա եւ Մալիլա քաղաքներուն վրայ Սպանիոյ գերիշխանութիւնը «քննարկումի նիւթ չէ»: Ան այդպիսով պատասխանեց Մարոքի արդարադատութեան նախարար Ապտելլաթիֆ Ուեհպիի յայտարարութեան, որուն մէջ ան երկու քաղաքներուն վրայ Ռապաթի գերիշխանութեան հաստատման պահանջը կը կրկնէր: Սպանացի նախարարը Սապթա այցելութեան ընթացքին նշեց, որ երկու քաղաքները «բացառապէս սպանական են, եւ անոնց կարելի չէ ձեռք տալ»` աւելցնելով....

Իտալիոյ Եւ Դանիոյ Վարչապետները Կոչ Կ՛ուղղեն`  Եւրոպական Միութեան Տարածքէն Դուրս Ստեղծելու  «Վերադարձի Կեդրոններ»

Իտալիոյ Եւ Դանիոյ Վարչապետները Կոչ Կ՛ուղղեն` Եւրոպական Միութեան Տարածքէն Դուրս Ստեղծելու «Վերադարձի Կեդրոններ»

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի եւ Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն միացեալ յայտարարութեամբ նախազգուշացուցած են դէպի Եւրոպա «չվերահսկուող գաղթի» վտանգներու մասին` կրկին կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան տարածքէն դուրս ստեղծելու այսպէս կոչուած «վերադարձի կեդրոններ», ուրկէ մերժուած ապաստան հայցողները պիտի ուղարկուին իրենց հայրենի երկիրներ: «Ոչ ոք կրնայ հերքել, թէ անօրինական ներգաղթը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր հասարակութիւններուն վրայ` յանգեցնելով յանցագործութեան աճի, հանրային ծառայութիւններու վրայ ճնշումի...

Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ Հեկսեթի Նկատմամբ  Թրամփի Դժգոհութեան Աճի Մասին Տեղեկութիւնը

Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ Հեկսեթի Նկատմամբ Թրամփի Դժգոհութեան Աճի Մասին Տեղեկութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ Քեմփ Տէյվիտի մէջ ժողովի ժամանակ Իրանի մէջ պատերազմի ընթացքին նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնած է եւ պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթէն բացատրութիւն պահանջած զինամթերքի լուրջ պակասի մասին «ապատեղեկատուութեան» վերաբերեալ: Այս մասին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ: Քննարկումը կատարուած է ուրբաթ օր Քեմփ Տէյվիտի մէջ նախարարաց խորհուրդի ժողովի ծիրին մէջ: Թրամփ զայրացած Հեկսեթին ըսած...

Հաքըպի Քասրայի Մէջ Պաղեստինեան Տուն Մը  Պաշարած Բնակեցուածները «Ահաբեկիչներ»  Եւ Անոնց Արարքը «Ահաբեկչութիւն» Կ՛որակէ

Հաքըպի Քասրայի Մէջ Պաղեստինեան Տուն Մը Պաշարած Բնակեցուածները «Ահաբեկիչներ» Եւ Անոնց Արարքը «Ահաբեկչութիւն» Կ՛որակէ

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի դատապարտեց Քասրայի մէջ պաղեստինեան տան մը պաշարման ընթացքին իսրայէլացի բնակեցուածներու գործած «ահաբեկչութիւն»-ը: «Այս սարսափելի ահաբեկչական արարքը գործողներուն քայլերը, որոնք նպատակ ունէին վախցնել եւ նեղութիւն պատճառել այս ընտանիքին, զզուելի են: Նման աւազակային վարքագիծի համար որեւէ արդարացում չկայ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: «Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը շատ աշխուժօրէն ներգրաւուած էր այս հարցին մէջ, եւ...

Պենեթ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Քաթարը  Թշնամի Պետութիւն Պիտի Յայտարարէ  Եւ Զայն Կազայէն Վտարէ»

Պենեթ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Քաթարը Թշնամի Պետութիւն Պիտի Յայտարարէ Եւ Զայն Կազայէն Վտարէ»

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ Համասի վերականգնման մասին լրատուութիւնները մեկնաբանելով նշեց. «7 հոկտեմբերի կառավարութիւնը պատրանքէն չսթափեցաւ: Քաթար Կազան կը ղեկավարէ, եւ Համաս կը շարունակէ զօրանալ»: Պենեթ նշեց, որ Իսրայէլի յաջորդ կառավարութիւնը Քաթարը թշնամի պետութիւն պիտի յայտարարէ եւ զայն Կազայէն վտարէ: «Դեղին գիծէն ոչ իսկ մէկ միլլիմեթր պիտի նահանջենք, մինչեւ Համասի ամբողջական կազմաքանդումը», շեշտեց ան:  

Փութին Քուրիլեան Կղզիներ  Այցելեց, Թոքիօ Բողոքեց

Փութին Քուրիլեան Կղզիներ Այցելեց, Թոքիօ Բողոքեց

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելեց Ճափոնի եւ Ռուսիոյ միջեւ վիճելի տարածք եղող Քուրիլեան կղզիներէն Իթուրուփ կղզի: Քուրիլեան կղզիներուն բռնագրաւումը Ռուսիոյ եւ Ճափոնի միջեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք խաղաղութեան պաշտօնական համաձայնութիւն չկնքելնուն գլխաւոր խոչընդոտն է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ասիկա Փութինի Քուրիլեան կղզիներ առաջին անձնական այցելութիւնն է: Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թուշիմիցու Մոթիկի յայտնեց, որ Ճափոնը «բուռն կերպով կը...

«Միջազգային Դաշինքի Առաքելութեան  Աւարտի 30 Սեպտեմբերի Ժամկէտը Վերջնական Է»  Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Միջազգային Դաշինքի Առաքելութեան Աւարտի 30 Սեպտեմբերի Ժամկէտը Վերջնական Է» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտի յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի Իրաքի մէջ առաքելութեան 30 սեպտեմբերին աւարտը «վերջնական եւ անդառնալի ժամկէտ է»` շեշտելով բարձրագոյն մակարդակի ապահովական ծրագիրներու գործադրութիւնը, ներքին կայունութեան աջակցութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան երաշխաւորումը: Իրաքի վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ան այս մասին յայտնած է ազգային անվտանգութեան նախարարաց խորհուրդի ժողովի ընթացքին, որ յատկացուած է ներքին եւ շրջանային թղթածրարներու քննարկման:...

Արաղչի. «Ֆրանսայի Նման Երկիրները  Պէտք Է Դադրին Աշխարհին Մարդու  Իրաւունքներու Վերաբերեալ Դասեր Տալէ»

Արաղչի. «Ֆրանսայի Նման Երկիրները Պէտք Է Դադրին Աշխարհին Մարդու Իրաւունքներու Վերաբերեալ Դասեր Տալէ»

Ֆրանսայի նման երկիրները պէտք է դադրին մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ աշխարհին դասեր տալէ: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: «Ֆրանսայի նման երկիրները պէտք է դադրին աշխարհին «մարդու իրաւունքներու» եւ միջազգային օրէնքի վերաբերեալ դասեր տալէ: Երկակի չափանիշերը ակնյայտ են եւ ամօթալի: «Կազայի մէջ Իսրայէլի ցեղասպանութեան եւ Իրանի վրայ յարձակումին ձեր աջակցութիւնը կործանեց որեւէ բարոյական...

Համաս Պիտի Մասնակցի Պաղեստինեան Ընտրութիւններուն

Համաս Պիտի Մասնակցի Պաղեստինեան Ընտրութիւններուն

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Հուսամ Պատրան «Աքսա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ շարժումը «ազգային կարելի եղածին չափ լայն դաշինքի մը ծիրին մէջ» պիտի մասնակցի պաղեստինեան ընտրութիւններուն: Պատրան ըսաւ. «Ոչ ոք իրաւունք ունի մասնակցութեան համար պայմաններ ճշդելու կամ կողմերուն իր սեփական ծրագիրը պարտադրելու»` նշելով, որ Համասն ու պաղեստինեան խմբաւորումներու եւ ընտրական պլոքներու մեծամասնութիւնը կը մերժեն այդ սկզբունքը: Ան...

Անտրապի. «Տեւական Ջանք Կը Թափենք  Իրանն Ու Միացեալ Նահանգները  Բանակցութեան Սեղան Բերելու Համար»

Անտրապի. «Տեւական Ջանք Կը Թափենք Իրանն Ու Միացեալ Նահանգները Բանակցութեան Սեղան Բերելու Համար»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անտրապի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Փաքիստան տեւական ջանք կը թափէ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութեան սեղան բերելու եւ խաղաղութեան հոլովոյթին վնաս հասցնել ուզողներուն արգելք հանդիսանալու համար: Անտրապի նշեց, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի Թեհրան կ՛այցելէ` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը առիթ է քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչ որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան...

Քուփըր. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու  Են 15 Կէտերէ Բաղկացած Համաձայնութեան»

Քուփըր. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են 15 Կէտերէ Բաղկացած Համաձայնութեան»

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետ Պրատ Քուփըր Խաղաղութեան խորհուրդի Միջազգային կայունութեան ուժի ներկայացուցիչներուն յայտնած է, որ իր երկիրը յանձնառու է Կազայի վերաբերեալ 15 կէտերէ բաղկացած համաձայնութեան: Իսրայէլեան աղբիւր մը կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կիրակի օրուան յայտարարութիւնը, թէ կը մերժէ 15 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը, «իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի, եւ...

Փութին. «Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով  Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Արեւմտեան Երկիրներ  Ռուսական Առեւտրական Նաւեր Գրաւեն»

Փութին. «Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսական Առեւտրական Նաւեր Գրաւեն»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Ռուսիան նոյնպիսի քայլով պիտի հակադարձէ, եթէ արեւմտեան երկիրներ ռուսական առեւտրական նաւեր գրաւեն»: Փութին Խաղաղական ովկիանոսի մէջ ռուսական նաւատորմիղի ռազմափորձին հետեւելու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Խաղաղական ովկիանոսի նաւատորմիղը անհրաժեշտ է մարտունակութիւնը պահպանելու եւ Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»` շեշտելով. «ՕԹԱՆ-ը Խաղաղական ովկիանոսի շրջան կը ներթափանցէ, եւ հակամարտութեան յառաջացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»: «Ճափոն առաջին անգամ ըլլալով...

Ասեֆ. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը  Համաձայնութեան Մը Եւ Տեւական  Խաղաղութեան Մը Կը Մօտենան»

Ասեֆ. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը Համաձայնութեան Մը Եւ Տեւական Խաղաղութեան Մը Կը Մօտենան»

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը համաձայնութեան մը եւ տեւական խաղաղութեան մը կը մօտենան»: Ան «Պլումպըրկ»-ին նշեց. «Անցնող օրերու ցուցանիշները ցոյց կու տան, թէ խաղաղութեան համաձայնութեան մը կը մօտենանք»: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց. «Օմանի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները յառաջադէմ փուլի հասան»: Նախքան այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ Իրանն...

Page 14 of 881 1 … 13 14 15 … 881

Արխիւներ