Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր վարչակազմը փոխանակ զինուորական նոր հարուածներ հասցնելու, մէկ ամիսէ ի վեր պատժամիջոցներ եւ շրջափակում հաստատելէն ի վեր Իրանի վրայ տնտեսական ճնշումներու աճին կը հետեւի:
Թրամփ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին հետ հեռաձայնային կարճ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հարցին հետ հանդարտ կը վարուինք: Անոնց հետ միայն մասնակի բանակցութիւններ կը վարենք: Անոր դիմագրաւած հսկայական սղաճի եւ որեւէ դրամ չունենալուն լոյսին տակ, պարզապէս Իրանին կը հսկենք»:
Անդրադառնալով Թեհրանի հետ սպասուող բանակցութեան հոլովոյթին` Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ բանակցութիւնները «պիտի յաջողին: Անոնք միշտ կը յաջողին: Անիկա ճատրակի խաղի նման է»:
Թրամփ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին ալ յայտնեց, թէ իր վարչակազմը ներկայիս զինուորական որեւէ մեծ քայլ կը յետաձգէ, եւ փոխարէնը կը կեդրոնանայ տնտեսական ճնշումներու խստացման վրայ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն ներկայ փուլին որոշած է Թեհրանի հետ կացութիւնը հանդարտեցնել:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս շաբաթ օր «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնած էր. «Մենք խաղին կիսուն ենք: Գործիքներու ամբողջական խումբ մը կ՛օգտագործենք, դիւանագիտական, տնտեսական ու զինուորական գործիքներ` ամերիկացի ժողովուրդին համար լաւագոյն արդիւնքներու ձեռք բերումը երաշխաւորելու նպատակով»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ իրանեան վարչակազմին մէջ հետզհետէ աճող տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի ղեկավարած ճամբարը մտահոգ է տնտեսութեան քայքայումով եւ այն կարծիքը ունի, թէ Իրան կարիքը ունի Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն գոյացնելու, մինչ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ուահիտիի գլխաւորած երկրորդ ճամբարը որեւէ զիջում կը մերժէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Օմանի հետ բանակցութիւններուն նպատակը Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման ուղիի ճշդումն է` բանակցութիւնները որակելով «շինիչ եւ դրական»:
Ան ըսաւ, թէ երկու երկիրները համաձայնած են Հորմուզի նեղուցէն անցքի քարտէսին շուրջ եւ կարգ մը թեքնիք հարցեր կը քննարկեն:
Պաղայի նշեց, որ Թեհրան ներկայ փուլին նեղուցէն անցնող նաւերուն դէմ տուրք հաստատելու հարցը չի քննարկեր:
Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, որ «ներկայիս Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ չկան»` աւելցնելով, որ Թեհրան անոր հետ միջնորդներու ճամբով նամակներու փոխանակում կը կատարէ:
«Հորմուզի նեղուցը ամերիկեան քաղաքականութեան եւ ծովային շրջափակման շարունակման լոյսին տակ ապահով անցք մը պիտի չըլլայ», աւելցուց Պաղայի:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան նշեց. «Գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի հետ ունեցայ շատ լաւ հանդիպում մը, որ 7 ժամ տեւեց, որուն ընթացքին երկրին խնդիրները քննարկեցինք»:
«Գերագոյն հոգեւոր պետը խորհուրդ տուաւ միասնութիւնն ու ներդաշնակութիւնը պահպանելու, որովհետեւ թշնամին այսօր կեդրոնացած է մեր երկրին մէջ պառակտում հրահրելու վրայ», ըսաւ Փեզեշքիան:


