Հունգարիան արգելակած է Ուքրանիոյ համար Եւրոպական Միութեան զինուորական օգնութեան նոր թղթածրարը: Նախապէս Եւրոպական Միութեան արտաքին կապերու ծառայութիւնը առաջարկած էր Ուքրանիոյ շուրջ 6 միլիառ եւրոյի չափով լրացուցիչ զինուորական օգնութիւն տրամադրել:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ իր երկիրը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասի նախաձեռնութիւնը կը նկատէ բանակցութիւններուն մէջ Քիեւի դիրքերու ամրապնդման ուղղուած քայլ, եւ ոչ թէ խաղաղութեան հասնելուն:
Հունգարիան պիտի չաջակցի «եւրոպացի հարկատուներու գումարները պատերազմի երկարաձգման վրայ ծախսելուն», յայտարարած է Սիարթօ, նշելով նաեւ Ռուսիոյ դէմ գործող պատժամիջոցներու երկարաձգման որոշումը յետաձգելու ցանկութեան մասին: