. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-ի համաձայն, Պքերքէն ճնշում կը բանեցնէ քրիստոնէական հիմնական կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական լարուածութիւնը նուազեցնելու` փորձելով այդ կուսակցութիւններուն միջեւ վիհը կամրջել: Եկեղեցական-եպիսկոպոսական պատուիրակութիւն մը կը շրջի առնչակից ղեկավարներուն մօտ` իրեն հետ տանելով նախկինէն տարբեր մօտեցում մը:
Այս քայլը չի սահմանափակուիր տեղեկատուական հանդարտեցման կամ պայմանական լարուածութիւնը մեղացնելու կոչով, այլ կը ձգտի մշակել տարակարծութիւններու կարգաւորման գրաւոր փաստաթուղթ մը, որ իբրեւ քրիստոնէական կուսակցութիւններու պատկերը իրենց համակիրներուն մօտ տկարացուցած բանավէճերուն ու լեզուակռիւներուն վերջ տալը երաշխաւորող շրջագիծ պիտի ծառայէ:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կը նախատեսուի, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երեքշաբթի օր Լիբանան այցելէ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթը կը գրէ. «Պարրաք, որ Օրթէյկըսի ընկերակցութեամբ պիտի այցելէ Պէյրութ, քաղաքի կեդրոնին մէջ ընթրիք պիտի ունենայ շարք մը երեսփոխաններու հետ, այնուհետեւ Օրթէյկըս երեքշաբթի օր պիտի մեկնի Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ապահովութեան խորհուրդի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման շուրջ քուէարկութեան համար երկուշաբթի օր նախատեսուած նիստը յետաձգուեցաւ առանց նոր նիստի թուական ճշդելու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Գոյութիւն ունի ամերիկեան ուղղուածութիւն մը «Փէյճըր»-ի օրէնք անունին տակ հրապարակելու պատժամիջոցներու նոր ցուցակ մը, որ կը ներառէ Հըզպալլայի հետ կապ ունեցող շուրջ 250 անուն:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս կարգաւորման կամ միջին լուծման որեւէ տարազի գոյացման կարելիութեան որեւէ ցուցանիշ չկայ, որովհետեւ Հըզպալլան իր հաղորդագրութեամբ «կէս-կէս» նախաձեռնութիւններուն առջեւ դուռը փակեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ռահհալին յայտնած է, թէ Հըզպալլայի զէնքը պետութեան մենաշնորհելու կառավարութեան որդեգրածին նման բախումնային որոշումը կը նշանակէ, «թէ դէպի բախում կ՛ուղղուինք, այլապէս մենք պատրաստակամ ու պատրաստ ենք բարձրագոյն մակարդակով գործակցելու, եւ մեր գործակցութեան տարողութեամբ կրնանք ձեզ անակնկալի մատնել»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հարցերը տակաւին բարդ են, եւ Հըզպալլան կառավարութեան որոշումը առ ոչինչ պիտի նկատէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակներ Պարրաքի եւ Օրթէյկըսի այցելութեամբ ամերիկեան փաստաթուղթին նկատմամբ Իսրայէլի դիրքորոշումը եւ բռնագրաւեալ հինգ կէտերէն հեռացման ճամբով գործնական քայլերու կատարման նկատմամբ լրջութեան տարողութիւնը կը յստականան»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան մինչեւ այս պահս ամերիկեան փաստաթուղթին վերաբերեալ սուրիական որեւէ պաշտօնական դիրքորոշում չստացաւ»` նշելով, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ինչպէս Իսրայէլի կողմէ, նաեւ Դամասկոսէն պատասխաններ ստանալ, եւ «Պարրաք այդ հարցը ստանձնեց»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը սկսաւ օրէ օր աւելի ամրապնդուիլ, ինչ որ կառավարութեան թիկունքը կ՛ապահովէ պետութեան վերականգնման համար իր ծրագիրը կատարելու նախքան երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամկէտը իր մէկ տարի եւ քանի մը ամիս նստաշրջանի ընթացքին, որ շատեր անբաւարար նկատեցին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը իրականացնելու համար»:
«Այն, ինչ որ ոմանք կարգախօս կը նկատէին, այսօր սկսաւ գետնի վրայ իրականութիւն դառնալ», նշեց աղբիւրը:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը ամերիկեան «Տը Աթլանթիք» պարբերաթերթին յայտնած է. «Եթէ 7 հոկտեմբերի յարձակումը գործողը Հըզպալլան ըլլար, մեր բանակը մինչեւ օրս Պէյրութի մէջ կը մնար»:
. ՖԱԹՀ շարժումէն պաշտօնատար մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին. «Լիբանանի գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան զէնքը յանձնելու երթը մօտ օրէն պիտի շարունակուի»:
. ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարար Ճօ Ստիի գրասենեակը շաբաթ օր յայտարարեց, թէ Քուէյթի կողմէ Լիբանանին 132 հազար թոն քարիւղ տրամադրելու առաջարկին ծիրին մէջ շաբաթ երեկոյեան առաջին քարիւղատար նաւը հասած է շրջանային ջուրեր:
. ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զէնքի յանձնումը անդառնալի որոշում է, եւ անոր ուշացումին պատճառը Ֆաթհ շարժումին մէջ կարգ մը պաղեստինցի պաշտօնատարներու ընդդիմութիւնն էր, ինչ որ վճռական որոշումներ եւ շարք մը ապահովական պաշտօնատարներու պաշտօնազրկում պահանջեց»:
. «ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ» քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ ամերիկացի պաշտօնատար Թամ Պարրաքի իբրեւ առաջին քայլ փոխանցեց զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հսկող յանձնախումբին մէջ իր աշխատանքի զէնքի մենաշնորհման եւ զայն վերացնելու լիբանանեան բանակի ծրագիրի քննարկումով սահմանափակելու որոշումը, ինչ որ գործնականին մէջ վերջ կու տայ Պարրաքի քայլերուն»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ելեւմտական եւ քաղաքական աջակցութեան դադրեցման պարագային գոյութիւն ունի այն վարկածը, թէ Չինաստանը պիտի դիմէ իր ելեւմտական ներդրումի եւ ուժերու թիւի բարձրացման, ինչ որ Փեքինի առջեւ Լիբանանի ճամբով դէպի Միջին Արեւելք յառաջանալու դուռը կը բանայ, եւ այդպիսի բեմագրութիւն մը թէ՛ Ուաշինկթընի, թէ՛ Փեքինի, թէ՛ ալ ամբողջ շրջանին համար քաղաքական, տնտեսական ու ռազմավարական չափազանց կարեւոր իմաստ կը պարունակէ:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հինգշաբթի գիշեր Հարաւային արուարձաններու պլոքի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Անտրէ Ռահհալի հետ»:
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին պատգամներ յղած է, թէ կառավարութեան որոշումը «Լիբանանին գործնական քայլեր չի պարտադրեր, նախքան Իսրայէլի ամերիկեան փաստաթուղթին վերաբերեալ իր ամբողջական դիրքորոշումը յայտարարելը, հեռանալու սկսիլը, կրակոցը դադրեցնելն ու գերիները ազատ արձակելը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անջատ պատգամներ յղած են, թէ զէնքի մենաշնորհի վերաբերեալ որոշումով երկիրը ներքին սադրանքի մէջ ներքաշելու որեւէ նպատակ չեն ունեցած եւ չեն ուզեր բանակին ու լիբանանցիներու որեւէ խումբի միջեւ բախում յառաջացնել:
Շիի երկեակը իր կարգին Աունին եւ Սալամին փոխանցած է յստակ խօսք մը, թէ շիի երկեակը կը պնդէ, որ նիստը Ազգային ուխտին համապատասխան չէր, եւ որոշումը առ ոչինչ է:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը պետութեան պատասխանատուներուն եւ Հըզպալլային փոխանցած է, որ բանակը պիտի չառնէ որեւէ քայլ, որ ներքին կայունութիւնը կը խաթարէ, եւ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը շահագործել բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ բախում յառաջացնելու համար»: