Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը գրէ, որ դիւանագիտական տեղեկութիւններու համաձայն, հաւանական է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը առանց փոփոխութեան կամ բարեփոխման մէկ տարիով երկարաձգուի, սակայն տակաւին չէ վճռուած, թէ այս երկարաձգումը վերջին անգամո՞վ է, թէ՞ ոչ: Միեւնոյն ժամանակ նշեալ տեղեկութեան աղբիւրները կը նշեն, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աննախադէպ պնդում կայ «ծախսերը կրճատելու եւ խնայելու» առաքելութեան մը համար, որուն Ուաշինկթըն կ՛ուզէ վերջ տալ, «որովհետեւ այլեւս ազդու չէ եւ որեւէ օգուտ չունի»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Չենք բացառեր, որ կացութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք շարունակէ այսպէս մնալ, եւ նախագահի ընտրութենէն ու կառավարութեան կազմութենէն ետք պետութեան վերականգնման վերաբերեալ դրական ցնցումը շատ ուշացաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի գիտէ, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Քասեմի կեցուածքի նշաձողը բարձր է, սակայն կը մերժէ կուսակցութեան զէնքը սակարկութեան ենթարկելու բեռը կրել, եւ մեկնելով ատկէ է, որ կուսակցութիւնը յորդորեց բանակին հետ կապ հաստատել, նախքան վերջինիս զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ իր ծրագիրը կառավարութեան ներկայացնելը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Գոյութիւն ունին երկու հիմնական ականներ, որոնք ամերիկացի բանագնացը կրնայ Իսրայէլի վրայ ճնշում  բանեցնելու ճամբով չկարենալ լուծել, եւ նախագահ Աունն ու վարչապետ Սալամը Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնելով պէտք է տեսանելի ապագային զայն կազմաքանդեն»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ  դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ կամ որեւէ այլ տեղ պատերազմ չ՛ուզեր»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ  դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան մթնոլորտը չափազանց քաջալերական է Պարրաքի փաստաթուղթին համար` նկատի ունենալով, որ անիկա առիթ է չէզոքացնելու մագլցումի կարելիութիւնները եւ դէպքերու կշռոյթը դէպի հանդարտեցում ուղղելու համար: Թրամփի վարչակազմը կը գնահատէ լիբանանեան պետութեան դիրքորոշումը եւ առաջարկուած լուծումի պայմաններուն ընդառաջումը, եւ այդ իմաստով պատգամներ յղեց լիբանանցի պաշտօնատարներուն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Մարժաայուն գաւառի Տէյր Սրիան գիւղին մէջ յարձակում գործեց մոթորսիքլեթի մը դէմ: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի «Ռատուան» ուժի մէկ անդամն էր, որ սպաննուած է:

. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ իր ժողովէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կառավարութեան կոչ ուղղեց` «ջնջելու Դիմադրութեան զէնքը վերցնելու որոշումը եւ ետդարձ կատարելու զայն որդեգրելու ու յամառօրէն պաշտպանել պնդելու մեղքէն»:

 

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

Յաջորդը

«Վերստանձնեցինք Իսրայէլացի Մը, Որ Մէկ Տարիէ Ի Վեր Լիբանանի Մէջ Կալանաւորուած Էր» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?