Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Արապիա/Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Շիի համայնքի զաւակները ձանձրացան պատերազմէն եւ կ՛ուզեն խաղաղ ապրիլ»` նշելով. «Հըզպալլայի զինաթափման որոշումի գործադրութեան շուրջ լիբանանեան կտրուկ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:
«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի խօսքը հռետորաբանութիւն է. քաղաքացիական պատերազմ չկայ», ըսաւ պատրիարքը` աւելցնելով. «Հըզպալլան պէտք է համոզուի, որ բանակը առանց խտրութեան բոլոր լիբանանցիները կը պաշտպանէ»:
Ռայի պատրիարքը ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց «Լիբանանը շրջանային ու միջազգային տագնապներէն զերծ կացուցելու»` նշելով. «Իրանի լիբանանեան հարցերու միջամտութիւնը բացայայտ է»:
«Հըզպալլան Դիմադրութիւնը զրկեց իր իսկական իմաստէն: Դիմադրութիւնը Իրանի ցուցմունքներուն ենթակայ ըլլալ չէ», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Հըզպալլան պէտք է իր «լիբանանցիութեան» մասին մտածէ»:
«Հըզպալլայի սկսած «Կազային թիկունք կանգնելու» պատերազմը Լիբանանին աւեր պատճառեց», ըսաւ ան` շեշտելով. «Առաջնահերթութիւնը վերաշինութեան է եւ ոչ թէ պատերազմին»:
«Շիիները լիբանանեան համայնք են նախքան Դիմադրութիւն ըլլալը, եւ Հըզպալլան պէտք է Լիբանանի նկատմամբ լիակատար հաւատարմութիւն ունենայ եւ դադրի Իրանին հաւատարիմ ըլլալէ», շեշտեց մարոնիներու պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը նաեւ յայտարարեց. «Աշխատանք կը տանինք քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու վեհաժողով գումարելու»:
«Արգելք չկայ ապագային Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հաստատման, եթէ պայմանները յարմար ըլլան», ըսաւ ան:
«Վատիկանի պապին Լիբանան այցելութիւնը այս տարուան աւարտէն առաջ տեղի պիտի ունենայ», յայտարարեց Ռայի պատրիարքը: